Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, որուն հետ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Սուրիան համաշխարհային միջանցքներու շուկային մէջ անփոխարինելի օղակ դարձաւ, եւ ֆրանսական-սուրիական գործընկերութիւնը կը կեդրոնանայ գործնական ծրագիրներու վրայ` հեռու մնալով կարգախօսներէ»:
«Նաւահանգիստներու, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ ջուրի ոլորտները ռազմավարական նոր գործակցութեան առաջնահերթութիւններն են, եւ սուրիական արդիւնաբերական քաղաքները կը պատրաստուին համաշխարհային ներդրումներու նոր հարթակներ դառնալու», ըսաւ ան:
«Օտար ընկերութիւնները հրաւիրուած են իսկական ընկերութիւններու ճամբով վերաշինութեան մասնակցելու, եւ մեր ծովային ու օդային տորմիղները արդիականացնելէ ետք ամբողջական համակարգ ունինք», յայտնեց Շարհ:
«Ֆրանսայի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը աշխարհի հետ մեր ունենալ ուզած յարաբերութիւններուն համար բնորդ է», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահը:
«Աշխատանք կը տանինք, որ Ֆրանսան Սուրիոյ առաջին գործընկերը ըլլայ», նշեց Շարհ:
Ֆրանսայի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձի բոլոր պայմանները ապահովելու»` նշելով. «Ոչինչ կրնայ սուրիացիներուն ամբողջական գերիշխանութիւն ու անվտանգութիւն վայելող երկրի մէջ ապրելու փափաքը սահմանափակել»:
«Սուրիա այցելութիւնս պիտի շարունակուի», ըսաւ ան` «Մենք Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնող առաջին երկիրներէն էինք, եւ Դամասկոսի հետ աշխատանքը շարունակելու այլ ծրագիրներ կան»:
«Սուրիոյ առջեւ շարք մը մարտահրաւէրներ կան, սակայն նաեւ մեր գործընկերութեան առիթներ կան», շեշտեց Մաքրոն` նշելով. «Մենք սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր շահերուն կողքին կը կանգնինք, եւ զայն պիտի չլքենք»:
«Պիտի ըլլան տնտեսական ընդլայնուած ու միացեալ յանձնախումբեր, որոնք աշխատանք կը տանին Սուրիոյ մէջ վերաշինութեան աջակցելու, եւ Ծոցի երկիրներուն հետ գործընկերութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
«Ֆրանսան պատրաստ է Սուրիոյ հետ վստահութիւն կառուցելու, եւ գործընկերութիւն պիտի ըլլայ շարք մը ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին` ուժանիւթի եւ դրամատնային մարզերուն մէջ», նշեց Մաքրոն:
Մաքրոնի այցելութեան ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ ներդրումային շարք մը ոլորտներու մէջ շարք մը համաձայնութիւններ եւ փոխըմբռնման յուշագիրներ ստորագրուեցան:
Մաքրոն արեւմտեան մեծ պետութեան մը առաջին ղեկավարն է, որ դեկտեմբեր 2024-ին Սուրիոյ նախկին վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիա կ՛այցելէ: Ան նաեւ առաջին արեւմուտքցի նախագահն է, որ Շարհը իր երկրին մէջ ընդունեց` Սուրիոյ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք:
Ֆրանսայի նախագահին կ՛ընկերակցէին բարձրաստիճան գործադիր պաշտօնատարներ ֆրանսական մեծ ընկերութիւններու, որոնց շարքին «Սի.Էմ.Ի.Սի.Ճէյ.Էմ»-ի վարչական խորհուրդի պետ Ռոտոլֆ Սաատէ եւ «Թոթալ Էնըրճի» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Փաթրիք Պոյանիէ:
Էլիզէի պալատը երէկ Ասատ ընտանիքէն գրաւուած 51 միլիոն եւրոյի գումարը Դամասկոսին վերադարձնելու գործողութեան մեկնարկը յայտարարեց: