«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի կեցութեան վայրին մօտ երկու պայթումներ տեղի ունեցած են:
Ապահովական ուժերը մեծաթիւ կերպով տեղակայուած են եւ շարք մը ճամբաներ ամբողջովին փակած:
Էլիզէի պալատը դէպքը մեկնաբանելով յայտնեց, որ Մաքրոն Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հանդիպումի ուղղուած ընթացքին որեւէ պայթումի ձայն չէ լսած` շեշտելով, որ հակառակ պայթումներուն Ֆրանսայի նախագահի Սուրիա այցելութիւնը կը շարունակուի:
«Ռոյթըրզ» ապահովական աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ Ֆրանսայի նախագահի կեցութեան վայր եղող պանդոկին մօտ շարք մը ականներ պայթած են:
Ըստ «Ժազիրա»-ին, առաջին պայթումի թիրախը եղած է ինքնաշարժ մը, որ Մաքրոնի կեցութեան վայր «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկէն միայն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր:
Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ Ֆրանսայի նախագահը պայթումէն առաջ արդէն մեկնած էր պանդոկէն:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ականներու պայթումներուն հետեւանքով արձանագրուած են 18 վիրաւորներ, ներառեալ 4 ոստիկաններ: