Ռուսական «Զանգուածային Յարձակում» Քիեւի Վրայ

Երէկ կանուխ առաւօտուն Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռային յարձակումներու պատճառով արձանագրուած են 10 զոհեր, տասնեակէ աւելի վիրաւորներ, բազմաբնակարան շէնքեր վնասուած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ քաղաքի զինուորական վարչակազմի ղեկավար Թիմուր Թքաչենքօ:

Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի համաձայն, փրկարարական ջոկատները փորձած են բնակիչները դուրս բերել գիշերային հրետակոծութենէն աւերուած շէնքերէն: Քլիչքոն նաեւ մանրամասնած է, որ միայն Փոտիլսքիի շրջանին մէջ չորս բնակելի շէնք թիրախաւորուած է:

Քաղաքին մէջ օդի որակի վատթարացման պատճառով բնակիչներուն յորդորած ենք փակելու պատուհանները: Բնակիչները պատսպարուած են մեթրոյի կայարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու ստորգետնեայ կանգառներու մէջ:

Ուքրանիոյ դրացի, ՕԹԱՆ-ի անդամ Լեհաստանը իբրեւ նախազգուշական քայլ կարճ ժամանակով հալածիչներ օդ բարձրացուցած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիան «զանգուածային» յարձակում գործած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի եւ այլ վայրերու վրայ` օգտագործելով հեռահար, բարձր ճշգրտութեան զէնքեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտնած է, որ հարուածներ հասցուած են Քիեւի եւ անոր մարզի զինուորական եւ ուժանիւթային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ շարք մը այլ շրջաններու զինուորական օդակայաններուն:

Ուքրանիան Կտրուկ Աւելցուցած Է Ռուսիոյ Ուժանիւթային Ենթակառոյցներուն Հարուածները

Ուքրանիան զգալիօրէն աշխուժացուցած է Ռուսիոյ ուժանիւթային ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումները, ինչ որ Ռուսիոյ մէջ վերջին տասնամեակներու վառելանիւթային մեծագոյն ճգնաժամի պատճառներէն մէկը դարձած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը` յղում կատարելով իր վերլուծական եւ լեհական «Ռոչան Քոնսալթինկ» հետազօտական խումբի տուեալներուն:

Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` ուքրանական արշաւի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացած է հեռահար անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան յաւելման, անոնց օգտագործման մարտավարութեան բարելաւման եւ, ինչպէս կը վստահեցնեն ուքրանացի պաշտօնեաներու շրջանին մէջ թերթի աղբիւրները, ամերիկեան հետախուզութեան կողմէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը շրջանցող թռիչքի երթուղիներ ընտրելու հարցին մէջ օգնութեան շնորհիւ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ յարձակումներու աճը Ռուսիոյ շրջաններու կէսէն աւելիին ստիպած է սահմանափակումներ մտցնել վառելանիւթի վաճառքին վրայ:

 

 

Leave a Comment