Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան հսկողութեան մէջ դեր պիտի ունենանք»:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշեց. «Մեր դերը կը ներառէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու օգտագործումը»:
«2024 թուականի համաձայնութենէն ի վեր դիտարկման առաքելութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ ուժեր կը պահպանենք», ըսաւ պաշտօնատարը:
«Մեր ուժերը այժմ պիտի ստանձնեն երկու կողմերուն հսկողութիւնը` համաձայնութեան որեւէ խախտում դիտարկելու համար: Գետնի վրայ անկողմնակալ եւ առարկայական կերպով պիտի դիտարկենք Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը», յայտնեց ան:
Ամերիկացի պաշտօնատարը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին նշեց. «Մեր քաղաքական ղեկավարութիւնը երկու կողմերուն վրայ անհրաժեշտ ճնշումը կը գործադրէ, որպէսզի իրենց խոստումները յարգեն»: