Նախագահ Աուն. «Ուաշինկթընի Մէջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Անջատ Են Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Ժողովներու Արդիւնքներէն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը եւ յայտնեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Բրիտանիոյ աջակցութեան շարունակման եւ 2027 թուականի սկիզբը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան պահպանման իր ջանքերուն անոր զօրակցութեան:

Աուն ըսաւ, որ աշխատանք կը տարուի հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարը ամրապնդելու, որմէ ետք իսրայէլեան ուժերը պէտք է հեռանան, լիբանանեան բանակը պէտք է տեղակայուի, բնակիչներու տունդարձ տեղի ունենայ, գերիները ազատ արձակուին, եւ վերաշինութեան հոլովոյթը սկսի:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «Բնորդային շրջաններու» ճշդումը տակաւին քննարկումի նիւթ է` սպասելով իսրայէլեան կողմի հաւանութեան:

Աուն շեշտեց, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնը կը շարունակուի եւ անջատ է անցեալ շաբաթ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ու Իրանի միջեւ ժողովներու արդիւնքէն:

Leave a Comment