Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Աունի Քաաքէի գլխաւորութեամբ մամլոյ սենտիքայի պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանին փոխանցուեցաւ պատկերացումը Զուիցերիոյ մէջ գոյացած բջիջին, որուն մենք մաս կը կազմենք, եւ անոր նպատակը զինադադարը ամրապնդելն է: Սակայն Ուաշինկթընի հոլովոյթը անկէ տարբեր է: Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն գացինք, որովհետեւ ատիկա Լիբանանի համար նուազագոյն գին ունեցող ուղին է: Համաձայնութեան պիտի հասնի՞նք: Ոչ ոք նախօրօք գիտէ որեւէ բանակցութեան արդիւնքը: Սակայն լաւ գիտենք, թէ անկէ ի՛նչ կ՛ուզենք` իսրայէլեան ամբողջական հեռացումը»:
«Ես Հըզպալլայէն միայն իր յանձնառութիւններուն տէր կանգնիլը կ՛ուզեմ: Ան 2006 թուականին իր մաս կազմած կառավարութեան ճամբով յանձնառու դարձաւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան(…), ինչպէս նաեւ 2024 թուականին Միքաթիի կառավարութեան մէջ անգամ մը եւս յանձնառու դարձաւ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ճամբով զէնքի մենաշնորհման: Համաձայնութիւնը զէնք կրելու բացառիկ լիազօրութիւնը ունեցող կողմերը ճշդեց», ըսաւ ան:
«Մենք զէնքի մենաշնորհումը Իսրայէլը գոհացնելու համար չենք կատարեր: Ասիկա լիբանանեան համաձայնեցուած հարց է, եւ անոր գործադրութեան շատ ուշացանք, այսինքն` Թաէֆի համաձայնագիրի որդեգրումէն ի վեր», աւելցուց վարչապետը:
«Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան շուրջ պիտի չբանակցինք», ընդգծեց Սալամ: