Ֆրանսայի Մէջ Տաքի Ալիքին Հետեւանքով 68 Հազար Տուն Առանց Ելեկտրականութեան Մնացած Է

Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող Պրեթայնի մէջ տաքի ալիքին պատճառով 68 հազար տուն մնացած է առանց ելեկտրականութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Ֆինիսթեր շրջանի իշխանութիւնները:

Ֆրանսայի մէջ տաքի պատճառով կարմիր վտանգի մակարդակ կը գործէ 58 շրջաններու մէջ, իսկ նարնջագոյն (նախավերջին)` 31 շրջաններու մէջ:

Անբնական տաքի հետեւանքով դադրեցուած է շուրջ 10 հազար ուսումնական հաստատութիւններու աշխատանքը կամ փոխուած է անոնց ժամանակացոյցը, սահմանափակուած է երկաթուղային փոխադրութեան երթեւեկը:

Առնուազն 5 մահ արձանագրուած է, եւ 40 անձեր խեղդուած են ջրամբարներու մէջ, ինչ որ նոյնպէս կը կապուի տաքի ալիքի հետեւանքներուն:

Leave a Comment