Հայ Ուսուցիչը Պատասխանատու Է Մարդ Ու Հայ Կերտելու Առաքելութեան*

ԱԼՊԵՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու գնահատման այս նախաձեռնութիւնը բնականաբար ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Հայ ժողովուրդի ընկալումով, ուսուցիչը երկրորդ ծնողք է: Իսկ ծնողք հասկացողութիւնը յատուկ բնորոշում ունի մեր արժէքային համակարգին մէջ:

Ուսուցիչը պատասխանատու է ոչ միայն հայ ընտանիքի զաւակներուն կրթութեան ու դաստիարակութեան, այլ նաեւ ազգային-հաւաքական իմաստով ամբողջ սերունդի կազմաւորման, եւ հետեւաբար` մեր համայնքի եւ ազգի ապագային:

Յաճախ կը խօսուի երիտասարդ սերունդի պատրաստութեան, ազգային դաստիարակութեան եւ մարդ ու հայ կերտելու առաքելութեան մասին: Այս բոլորին հիմնական պատասխանատուն հայ ուսուցիչն է, որովհետեւ անոր փոխանցած կրթութենէն ու դաստիարակութենէն մեծապէս կախեալ է հայ մարդու կազմաւորումը, ուր մարդկայինը եւ ազգայինը բացարձակ արժէքներ են:

Այդ հայ մարդը միաժամանակ Լիբանանի գիտակից քաղաքացին է, որ կապուած է իր երկրին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ մայրիներու երկրի զարգացման: Ան կը մերժէ պատերազմը, կը հաւատայ համայնքներու համակեցութեան, չի ներքաշուիր հակամարտութիւններու մէջ, կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ կ՛աշխատի ի նպաստ համալիբանանեան շահերուն:

Եւ անշուշտ, ան հայ մարդն է` գիտակից իր ինքնութեան, պատմութեան, մշակոյթին, լեզուին ու գրականութեան: Ան աշխուժ մասնակիցն է համայնքային կեանքին, անդամ է քաղաքական, մշակութային, մարզական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու:

Հայ մարդը կապուած է իր հայրենիքին, Հայաստանին: Ան կը տարբերէ իշխանութիւնն ու պետականութիւնը, հայրենասիրութիւնը չի պայմանաւորեր վարչակարգերով եւ գիտէ ծառայել իր հայրենիքին ու Հայ դատին` բոլոր պայմաններու մէջ:

Գիտակից հայ անհատը նաեւ մասնակից է Լիբանանի հայ համայնքի իւրայատկութիւններու ձեւաւորման` իբրեւ համասփիւռքեան կեանքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը:

Իր Եկեղեցւոյ եւ յարանուանութեան կապուած, հայ դպրոցին մէջ դաստիարակուած այս անհատը պատուաստուած է ազգային ու հոգեւոր արժէքներով, եւ անոր գաղափարական դիմադրողականութիւնը ամուր է` արգելք հանդիսանալով ձուլման եւ ապազգայնացման վտանգներուն:

Արժէքներու այս ամբողջ համակարգը հայ աշակերտին կը փոխանցուի հայ ուսուցիչին միջոցով: Այդ նուիրեալներու փաղանգին միջոցով, որ այս աշխատանքը չի դիտեր իբրեւ սովորական մասնագիտութիւն, այլ իբրեւ առաքելութիւն:

Առաքելութիւնը, սակայն, դիւրին ճանապարհ չէ: Եւ այդ դժուար ճանապարհին վրայ, մենք` իբրեւ կուսակցութիւն, պարտաւոր ենք սատար կանգնիլ այս ուղին ընտրած նուիրեալներուն: Այդ աջակցութիւնը պէտք է ըլլայ թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական:

Մենք կը գիտակցինք, որ ներկայ պայմանները չեն խրախուսեր այս ասպարէզին ընտրութիւնը: Պատերազմները, տնտեսական ճգնաժամը, դպրոցներու աշխատանքի եւ ուսուցման դժուարութիւնները, ոչ բաւարար վարձատրութիւնը, սղաճը եւ եկամուտներու արժեզրկումը ծանր բեռ են ուսուցիչներուն ուսերուն:

Սակայն այս բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց հայ ուսուցիչը շարունակած է եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ամէն օր ան ոչ միայն գիտելիք կը փոխանցէ, այլ նաեւ արժէքներ, ազգային գիտակցութիւն եւ հաւաքականութեան ծառայելու յանձնառութիւն:

Կրթական մարզի պատասխանատուներուն հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին տեղեակ եղած ենք շատ մը խնդիրներու մասին:

Պէտք է ընդունիլ, որ այս խնդիրներուն լուծումը դիւրին չէ: Սակայն մեր յարանուանական հաստատութիւններն ու միութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն դպրոցներու շարունակական գործունէութիւնը ապահովելու եւ ուսուցիչները գնահատելու համար:

Բոլորս գիտենք, որ այսօրուան աշակերտը վաղուան համայնքն է: Առանց հայ դպրոցին, կարելի չէ պահպանել հայկականութեամբ շնչող համայնք: Հետեւաբար, բոլորս միասին պարտաւոր ենք ապահովել մեր վարժարաններու անխափան ընթացքը:

Այս առիթով նաեւ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ հայկական դպրոցներուն չվստահելու համար հիմնաւոր պատճառներ չկան: Անհիմն են այն բոլոր պնդումները, որոնք կը ծառայեն հայկական վարժարաններու դէմ հակաքարոզչութեան եւ կը փորձեն արդարացնել օտարացման տանող որոշումները:

Փաստերը կը վկայեն, որ հայկական դպրոցներու շրջանաւարտներուն ճնշող մեծամասնութիւնը յաջողութեամբ կը յաղթահարէ պետական քննութիւնները, կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումը եւ կը մասնագիտանայ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Այս յաջողութիւններուն գլխաւոր գրաւականներէն մէկը հայ ուսուցիչն է, որ զոհողութիւններով կառչած մնացած է իր առաքելութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ քաղաքական կազմակերպութեան մը պատասխանատու մարմինը կը ձեռնարկէ հայ ուսուցիչներու գնահատման այս երեկոյին:

Այս առիթը նաեւ յիշեցում է, որ մեր համայնքը կրնայ պահպանել իր կենսունակութիւնը, շարունակել իր համասփիւռքեան կարեւոր դերակատարութիւնը եւ մնալ հայկական աշխարհի առանցքային կեդրոններէն մէկը, եւ այս բոլորը նաեւ` հայ ուսուցիչին աշխատանքի շնորհիւ:

Այդ աշխատանքը կը կերտէ հայ մարդը` իր մարդկային, ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւններուն գիտակից, եւ զայն կը մղէ նոյն ժառանգութիւնը փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն:

Այս բոլորին համար` խորին շնորհակալութիւն մեր ուսուցիչներուն: Այս համայնքի զաւակներուն երկրորդ ծնողներուն, լիբանանահայութեան ապագային հաւատացող եւ այդ ապագան կերտող մարդուժը պատրաստող նուիրեալներու արժանաւոր փաղանգին:

Փաղանգ, որ կը վայելէ եւ պիտի շարունակէ վայելել մեր կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը:

Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՛ ուսուցիչներ:

* ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներուն նուիրուած ընթրիքին արտասանուած խօսք:

Leave a Comment