ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Մօրս աչքերն
յաճախ խոնաւ են եղած,
երկինքներու արեւամերձ տարածքն այդ`
չարտաբերուած բառի մը ջերմութեամբ`
հայեացքիս մէջ պահելու:
Տարագրութեան անչափելի տարիներուն,
թաշկինակի կարիքն ան կորսնցուցած էր ի սպառ,
արտասուքն իր գոգնոցով
կը ցամքեցնէր:
Կը թուէր,
թէ ան իր դէմքը երկու անգամ կը ցօղուէր.
իր օրուան մէջ,
կարծես երկու առաւօտներ ըլլային:
Մէկը` նօսր մեր աչքերուն մէջ կայթող`
միւսը` – անցեալ կորուսեալ-
աղբիւրի մը լուսաթաթաւ շշուկէն
արշալոյսներ կայլակող…