Ալիեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը Հրաւիրած Է Ազրպէյճան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեւոն ԺԴ. պապին Ազրպէյճան այցելելու պաշտօնական հրաւէր փոխանցած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը:

«Սուրբ աթոռի միջկրօնական երկխօսութեան հարցերու վարչութեան ղեկավար Ճորճ Ճէյքըպ Քովաքատայի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ալիեւ անոր փոխանցած է Հռոմի պապի` Ազրպէյճան այցելելու հրաւէրով նամակը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիեւն ու Վատիկանի պատուիրակութիւնը 16 յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ քննարկած են նաեւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ երկրորդ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցման, ինչպէս նաեւ «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամի եւ Վատիկանի հետագայ համագործակցութեան հարցերը:

Leave a Comment