Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ամերիկացի քոնկրեսական Ապրահամ Քամատէն, որ հեղինակած է Ազրպէյճանի դէմ 90-ական թուականներուն սահմանուած 907-րդ բանաձեւի պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու օրինագիծը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Ալիեւ շեշտած է, որ Տանըլտ Թրամփի` իշխանութեան վերադառնալէն ետք ազրպէյճանական-ամերիկեան յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան:
Կողմերը քննարկած են «ԹՐԻՓՓ միջանցքի ստեղծման կարելիութիւնները` շրջանային փոխադրութեան կապակցուածութեան զարգացման տեսանկիւնէն»: