Նշմար. Գոհ Մնացինք, Տղա՛ք…

ԿԱՐՕ Կ.

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը տարիներէ ի վեր այսքան անբախտ տարեշրջան մը չէ ունեցած:

Տարուան սկիզբը 6 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, կարծէք չար բախտը այցելեց: Խումբին լաւագոյն տարրերէն Թայլըր Պէյ, որ անցեալ տարի բարձր մակարդակի պասքեթպոլ ցուցաբերած էր, վիրաւորուեցաւ: Յաջորդ մրցումին Ահմետ Իպրահիմ ձեռքը կոտրեց, եւ անշուշտ չար բախտը շարունակուեցաւ, ուր Թայլըր Պէյ վիրաւոր ձեւով փորձեց կարելին տալ:

Վրայ հասաւ պատերազմը, որ 1 փետրուարի աւարտէն ժամանակաւոր դադար մը տուաւ մարզական կեանքին: Շատեր երազեցին, թէ Ահմետ Իպրահիմ կրնայ օգտուիլ այդ երկար դադարէն եւ կրնայ իր լաւագոյնը ցուցաբերել, բայց 16 փետրուարէն 24 մայիս շատ բան փոխուած էր:

Այլեւս չկային Թայլըր Պէյ, Ահմետ Իպրահիմ,  Այզաք Այյուպի, Զաք Լոֆթըն եւ անշուշտ կախակայուած Կապրիէլ Աճեմեան, եւ խումբը անկէ ետք տարբեր երեւոյթ ունէր:

Մաքենզի Մուր միացած էր Ճորտըն Սթիվընզի եւ եգիպտացի Համատ Ֆաթհի (233 սմ) միացած էին ՀՄԸՄ-ի Մոհամէտ Հթէյթի եւ Պրայըն Սալեհի հետ:

Առաջին մրցակիցը Ռիատին էր, որ անակնկալի եկաւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն նման, եւ ՀՄԸՄ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաջորդ մրցակիցը Սաժեսն էր, որ վերջին վայրկեանին միայն կրցաւ յաղթել, եւ ՀՄԸՄ գրաւեց 7-րդ դիրքը, դիրք մը, որ զինք դրաւ շատ դժուար քառորդ աւարտականի մրցակիցի մը դէմ, նոյնինքն Սաժեսը: Բոլորը գիտէին, որ 5 միլիոն ամ. տոլարէ աւելի դրամ յատկացուցած խումբը դժուար պիտի ըլլար ՀՄԸՄ-ի համար: Աւելի՛ն, Մաքենզի Մուր, որ Ռիատիի դէմ շատ լաւ ելոյթ ունեցած էր, խումբը լքած էր շատ կարեւոր մրցումէ մը առաջ: Սեքեմզէ Տիքսըն զինք փոխարինեց` յոյսով, որ անցեալ տարիներու Հուփսի հետ իր փայլուն ելոյթները կրկնէ, բայց ՀՄԸՄ-ի համակիրները ատկէ ալ զրկուեցան, երբ ինք ալ վիրաւորուեցաւ: Համատ Ֆաթհիի կողքին ձեռք բերուեցաւ Մայքըլ Ուաթքինզ, որ վերջին մրցումին անմոռանալի ելոյթ ունեցաւ Սաժեսի դէմ 3-րդ ճակատումին, որ ափսոս վերջին վայրկեանին  պարտութեան վերածուեցաւ:

Անշուշտ պէտք է նշել, որ իրաւարարներն ալ աններելի սխալներ գործեցին ՀՄԸՄ-ի պարտութեան մէջ յատուկ դեր ունենալով: Դժուար էր, որ Սաժես պարտուի, մանաւանդ  որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու աշխատակիցները ներկայ կ՛ըլլային քաջալերելու Սաժեսը… Ֆետերասիոնին ալ հաշուոյն չի գար Սաժեսի պարտութիւնը, եւ «իտէալ» աւարտական մը կ՛ուզէ ըլլայ Ռիատի-Սաժեսը:

Վերջին ճակատումէն ետք մարզիչ Ճօ Մոճահես յայտնեց, թէ 12 տարիներ մարզելէ ետք ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, այժմ պէտք է լքէ իր պաշտօնը:

Մոժահես շատերու կողմէ սիրուած է, մինչ կան մարդիկ, որոնք չեն նկատեր անոր ազդեցութիւնը խումբին վրայ: Ինչպէս բոլոր մարզիկները, երբ խումբը յաղթէ` մարզիկները կ՛ըլլան հերոսները, երբ խումբը պարտուի յանցաւորը մարզիչը կ՛ըլլայ:

Յոյսով, որ պասքեթպոլը շարունակէ միացնել ՀՄԸՄ-ի համակիրները, եւ 2018-ի անմոռանալի եղանակը, երբ խումբը իր բոլոր մասնակցած մրցաշարքերուն կրցած էր յաղթել, կրկնուի մօտիկ ապագային:

Համակիրները պարզապէս կ՛ուզեն պայքարող խումբ, որ առնուազն հասնի կիսաւարտական` դժուար մրցակից ըլլալով Սաժեսի եւ Ռիատիի նման խումբերու:

 

 

 

Leave a Comment