2026-ի Մոնտիալ. Աւստրալիա Անակնկալի Մատնեց Թուրքիան (2-0). Պրազիլ – Մարոք` 1-1

2026-ի Մոնտիալը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին, երբ հիւրընկալ Քանատա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Պոսնիոյ հետ, այլ հիւրընկալ երկիր մը` Միացեալ Նահանգներ, 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փարակուէյը, Քաթար կորսուած վայրկեաններուն հաւասարութիւն խլեց կազմակերպուած Զուիցերիայէն, մինչ Պրազիլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Մարոքի հետ: Սկովտիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ Մոնտիալը` պարտութեան մատնելով Հայիթին:

Առաջին անակնկալը արձանագրեց Աւստրալիա, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ:

Շատերու համար անակնկալ էին մեծ թիւով փոփոխութիւնները, ուր խումբերը իրաւունք ունին 5 փոփոխութիւններ կատարելու մարզիկներ փոխարինելով, բան մը, որ սկսած էր «Քորոնա» ժահրի համավարակին ժամանակ, ինչ որ աւելի ուշ վաւերացուեցաւ բոլոր մրցաշարքերուն 2022-էն սկսեալ: Այս Մոնտիալին սկսաւ նաեւ որդեգրուիլ ջուր խմելու «քուլինկ պրէյք»-ը, որ կիսախաղերու կէսերուն 22-րդ եւ 67-րդ վայրկեաններուն մարզիկներուն դադար կու տայ` նկատի ունենալով, որ մրցումներուն մեծ մասը կը կատարուի կէսօրուան ժամերուն:

Անշուշտ տաք մրցումներուն առաւելութիւնը ի նպաստ ափրիկեցիներուն եւ հարաւային ամերիկացիներուն է, որոնք աւելի վարժ են եւ կը դիմանան տաք օդին:

Այսօր առաւօտեան ժամերուն (ժամը 5:00-ին) Շուէտ պիտի մրցի Թունուզի դէմ, Սպանիա` Քափէ Վերտէի դէմ (ժամը 19:00-ին), Պելճիքա` Եգիպտոսի դէմ (ժամը 22:00-ին): Գիշերը` Սէուտական Արաբիա Ուրուկուէյի դէմ (ժամը 1:00-ին), իսկ Իրան` Նոր Զելանտայի դէմ (ժամը 4:00-ին):

 

Leave a Comment