Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Ներկայիս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարելու որեւէ ծրագիր չկայ»:
«Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կը շարունակեն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ հաղորդակցութիւնները», աւելցուց ան:
«Ուքրանիոյ հարցով միջնորդութիւնը ներկայիս դադրած է: Բայց եւ այնպէս, ամերիկացի երկու բանագնացները կը շարունակեն հաղորդակցութիւնները, եւ առկայ խողովակներու ճամբով մեզի հետ եւ ուքրանացիներուն հետ քննարկումները կը շարունակուին: Տակաւին անոնց այցելութեան յստակ թուական չկայ, սակայն ուրախ պիտի ըլլանք զանոնք որեւէ ատեն Ռուսիոյ մէջ հիւրընկալելու», նշեց Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը Քրեմլինին հեռաձայնային այդ հաղորդակցութենէն տեղեակ չէ պահած:
Պատասխանելով եւրոպական կողմին հետ հաւանական միջնորդութեան ջանքերուն շուրջ հարցումին` Փեսքով ըսաւ, թէ Ռուսիոյ կարծիքով` ներկայիս մասնակցութիւնը «անընդունելի է»: