ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «խորապէս մտահոգուած է» Միջին Արեւելքի մէջ իրադրութեան սրումով և կոչ ուղղած է «անյապաղ դադրեցնելու» բոլոր յարձակումներն ու պահպանելու հրադադարը:
«Լիբանանի, Իրանի եւ Կազայի մէջ հրադադարի դրութիւնը պէտք է լիովին յարգուի: Պէտք է խուսափիլ որեւէ քայլէ, որ կրնայ խաթարել շարունակական դիւանագիտական ջանքերը», յայտարարած է Կութիերես: