Այս տարուան Մոնտիալը պիտի ըլլայ ամէնէն մեծը` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով 48 խումբեր պիտի մասնակցին երեք հիւրընկալ երկիրներու մէջ, ուր 16 մարզադաշտեր պիտի ընդունին 104 մրցումներ 39 օրերու ընթացքին:
Մրցաշարքը, զոր պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքա, պիտի ըլլայ առաջինը, որ ՖԻՖԱ-ն կը կազմակերպէ մասնակից երկիրներուն 32 խումբերէն բարձրացնելով 48-ի` աւելցնելով 4 այլ խմբակներ եւ նոր հանգրուան մը, ուր պիտի հասնին 32 խումբեր նաք-աութի դրութեամբ:
Վերջին անգամ 1998-ին խումբերու թիւը բարձրացած էր 32-ի: Մասնակից երկիրներու այս թիւով ալ 7 Մոնտիալներ տեղի ունեցան 64 մրցումներով: Այս Մոնտիալին միայն 2-րդ անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալեն մէկէ աւելի երկիրներ, երբ 2002-ին Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա հիւրընկալած էին միասնաբար առաջին մոնտիալը:
Միացեալ Նահանգներ պիտի ներկայանան 11 դաշտերով, Մեքսիքա` 3, իսկ Քանատա` 2: Մեքսիքա պիտի հիւրընկալէ 13 մրցումներ, ներառեալ բացման մրցումը Մեքիսքօ Սիթիի մէջ 11 յունիսին (վաղը), ուր հիւրընկալ Մեքսիքա պիտի մրցի Հարաւային Ափրիկէի դէմ, ինչպէս նաեւ պիտի հիւրընկալէ նաք աութի գծով 3 մրցումներ:
Քանատա իր կարգին պիտի հիւրընկալէ 13 մրցումներ, առաջին մրցումին հիւրընկալ երկիրը պիտի մրցի Պոսնիոյ դէմ 12 յունիսին, Թորոնթոյի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի հիւրընկալէ այլ 3 մրցումներ նաք աութի հանգրուաններուն:
Մնացեալ 78 մրցումները տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Առաջին մրցումին Միացեալ Նահանգներ պիտի մրցին Փարակուէյի դէմ, 12 յունիսին, Լոս Անճելըսի մէջ:
1248 մարզիկներ պիտի մասնակցին այս Մոնտիալին` 449 ակումբներէ եւ 71 տարբեր երկիրներէ: 357 մարզիկներ արդէն իսկ մասնակցած են ուրիշ Մոնտիալներու, մինչ կան 891 մարզիկներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով այդ փորձառութիւնը պիտի ունենան:
Անգլիական ակումբներէն 200 մարզիկներ մաս պիտի կազմեն Մոնտիալին, մինչ Գերմանիա 109 մարզիկներով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Ֆրանսական եւ սպանական ակումբներէ 86 մարզիկներ պիտի մասնակցին, մինչ անոնց կը յաջորդեն Իտալիա (71) եւ Սէուտական Արաբիա (49):
Միացեալ Նահանգներու «Էմ. Էլ. Էս.»-էն 44 մարզիկներ պիտի մասնակցին Մոնտիալին, մինչ 103 մարզիկներ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի փորձառութիւն ունին նաեւ:
Մանչեսթըր Սիթի ակումբէն 19 մարզիկներ պիտի մասնակցին, իսկ Պայերն Միւնիխէն 18 մարզիկներ, մինչ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Արսենալ 16 մարզիկներով պիտի ներկայանան:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը գրաւէ ամէնէն աւելի ազգային խումբի շապիկը կրող մարզիկներուն պարագլուխի դիրքը` 226 մրցումներով, եւ Լիոնել Մեսսիի հետ պիտի մասնակցի իր 6-րդ Մոնտիալին:
Ռոնալտօ միակ ֆութպոլիստն է, որ 5 Մոնտիալներու կրցած է կոլեր նշանակել` ընդամէնը 8 կոլերով 22 մրցումներու ընթացքին:
Մեսսի Մոնտիալներու պատմութեան մէջ առաւելագոյն մրցումներ կատարած ֆութպոլիստն է (26 մրցումներ):
Մեքսիքայի բերդապահ Կիյերմօ Օչոա 6-րդ Մոնտիալին պիտի մասնակցի, հակառակ անոր որ 2006-ին եւ 2010-ին ան պահեստի բերդապահ էր եւ ոչ մէկ մրցումի չմասնակցեցաւ:
Միրոսլաւ Քլոզէ (Գերմանիա) 16 կոլերով կը գրաւէ Մոնտիալներու պատմութեան առաւելագոյն կոլեր նշանակող մարզիկներու առաջին դիրքը: Այս մրցանիշը վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ Մեսսի 13 կոլեր ունի եւ կրնայ գերազանցել Քլոզէի մրցանիշը, մինչ աւելի մեծ յոյսեր ունի ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ, որ այժմ 12 կոլեր ունի եւ շատ հաւանաբար մոնտիալ մը եւս խաղայ:
Միայն 8 երկիրներ կրցած են շահիլ Մոնտիալի տիտղոսը, անոնցմէ 6-ն մէկէ աւելի անգամներ կրցած են շահիլ: Առաւելագոյն տիտղոսները շահած է Պրազիլ:
Միայն 2 անգամ ախոյեան խումբեր յաջողած են կրկնել իրենց յաջողութիւնը, Փելէի Պրազիլը` 1958-ին եւ 1962-ի եւ Իտալիա 1934-ին եւ 1938-ին:
6 աշխարհի ախոյեաններ յաջորդ Մոնտիալին առաջին հանգրուանէն իսկ դուրս մնացած են, անոնց կարգին են Իտալիա (2010), Սպանիա (2014) եւ Գերմանիա (2018):
Ֆրանսա պիտի փորձէ դառնալ 3-րդ խումբը, որ յաջորդական 3-րդ Մոնտիալի աւարտականին կը հասնի` յաղթելէ ետք 2018-ին եւ պարտուելէ ետք 2022-ին: Արեւմտեան Գերմանիա պարտուելէ ետք 1982-ին եւ 1986-ին, կրցած էր յաղթել 1990-ին, մինչ Պրազիլ 1994-ին յաղթելէ ետք պարտուած էր 1998-ին, եւ 2002-ին ալ յաղթած իր 5-րդ տիտղոսը:
Պրազիլ միակ երկիրն է, որ 23 Մոնտիալներուն ալ մասնակցած է 1930-էն ի վեր եւ կը գրաւէ առաւելագոյն յաղթանակներու առաջին դիրքը (76 յաղթանակ):
4 խումբեր առաջին ելոյթը պիտի ունենան այս Մոնտիալին` Քափէ Վերտէ, Քուրասաօ, Յորդանան եւ Ուզպեքիստան:
Եգիպտոս 7 Մոնտիալի մրցումներ կատարած է եւ ձախողած յաղթանակ արձանագրելու` հաւասարելով 5 եւ պարտուելով 2 մրցումներու:
25 տարիներ կը բաժնեն Մոնտիալի ամէնէն երէց եւ կրտսեր մարզիկները: Սկովտիացի բերդապահ Քրէյկ Կորտըն 43 տարեկան 162 օր պիտի ըլլայ վաղը, մինչ Մեքսիքայի Կիլպերթ Մորա 17 տարեկան եւ 240 օր պիտի ըլլայ: