Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Պոլսոյ մէջ երէկ սկսած է Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ` Ճէյհուն Պայրամովի, Մաքա Պոճորիշվիլիի եւ Հաքան Ֆիտանի եռակողմ հանդիպումը:

Ինչպէս յայտնած է ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, աւելի կանուխ կայացած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:

 

Leave a Comment