Աթլեթիզմ. Երուանդ Մկրտչեան Երկու Ոսկի Մետալ Նուաճեց

Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը:

Մրցաշարքը, որ նախապէս կը կոչուէր Եւրոպայի փոքր երկիրներու մրցումներ, այժմ կը կոչուի «Եուրոփիըն Չելենճըր Չեմփիընշիփս» անունով:

Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 17 երկիրներէ եւ տարածքներէ մարզիկներ, ինչպէս` Կիպրոսէն, Լիւքսամպուրկէն, Մալթայէն, Մոնթենեկրոյէն, Ֆրանսայէն, Քոնկէն, Մոլտովայէն, Իսլանտայէն, Անտորրայէն, Ազրպէյճանէն, Քոսովոյէն, Մոնաքոյէն, Սան Մարինոյէն, Հայաստանէն, Ալպանիայէն, Վրաստանէն եւ Մակեդոնիայէն:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր հերոսը եղաւ երկար վազքի աթլեթ Երուանդ Մկրտչեան, որ երկու ոսկի մետալ նուաճեց:

Մկրտչեան 1.500 մեթր եւ 5.000 մեթր վազքի ոսկի մետալները շահեցաւ: Շնորհիւ այս մետալներուն Հայաստան խմբային դասաւորման 6-րդ դիրքը գրաւեց Կիպրոսի, Լիւքսամպուրկի, Մալթայի, Մոնթենեկրոյի եւ Սան Մարինոյի ետին:

Հայաստան 14 աթլեթներով մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին` հետեւեալ ձեւով.

– Սամուէլ Գէորգեան, 100 մեթր վազքի 8-րդ դիրք:
– Վահէ Աւագեան, 400 մեթր վազքի 3-րդ դիրք:
– Երուանդ Մկրտչեան, 1500 մեթր եւ 5000 մեթր վազքի ոսկի մետալներ:
– Արամ Արամեան, 110 մեթր արգելարշաւի 6-րդ դիրք, իսկ 400 մեթր արգելարշաւի 7-րդ դիրք:
– Վահէ Արզումանեան, մէկ քայլ ոստումի 4-րդ դիրք:
– Գոռ Յովակիմեան, մէկ քայլ ոստումի 9-րդ դիրք:
– Մարիանա Բաղեան, 100 մեթր վազքի 15-րդ դիրք, 200 մեթր վազքի 13-րդ դիրք:
– Նինա Մուրատեան, 400 մեթր վազքի 6-րդ դիրք:
– Լիլիթ Յարութիւնեան, 400 մեթր վազքի 7-րդ դիրք:
– Էլլադա Ալավերդեան, 800 մեթր վազքի 9-րդ դիրք:
– Մարի Սարգսեան, 1500 մեթր վազքի 7-րդ դիրք, իսկ 5000 մեթր վազքի 11-րդ դիրք:
Մելինէ Ադամեան, 110 մեթր արգելարշաւի 5-րդ դիրք:
– Քրիստինէ Յարութիւնեան, գունտ արձակելու 6-րդ դիրք, նիզակ արձակելու ալ 6-րդ դիրք:
– Մանուկ Մանուկեան գունտ արձակելու 9-րդ դիրքը գրաւեց:

 

 

Leave a Comment