ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու յանձնակատարի տեղակալ Մարթա Ամա Աքիա Փոփի յայտնեց, որ Իսրայէլի լիբանանեան հողերուն մէջ դէպի հիւսիս յառաջանալը եւ անոր ուժերուն «Կապոյտ գիծ»-էն անդին գտնուիլը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բացայայտ խախտումներ են` զգուշացնելով, որ կացութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ:
Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց միջամտելու, ինչպէս նաեւ թշնամական արարքներու դադրեցման պայմաններու պատրաստման եւ բոլորին կողմէ յարգուող համապարփակ զինադադարի հասնելու համար կողմերուն օգնելու:
Ան շեշտեց, որ որեւէ յաւելեալ մագլցում անընդունելի է, եւ պէտք է դիւանագիտական ջանքերուն յաջողելու առիթ ընծայել:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի պատուիրակ Ահմետ Արֆա յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր քաղաքացիներու ապահովութեան միակ երաշխաւորն է եւ աշխատանք կը տանի կայունութեան հաստատման համար` աւելցնելով, որ իսրայէլեան շարունակուող խախտումներուն իսկական նպատակը լիբանանեան պետութեան ոտքի կանգնիլը խոչընդոտելն է:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի մտադրութիւնը յստակ կ՛երեւի անոր պատասխանատուներու յարձակումին ծիրը ընդլայնելու եւ Լիբանանի հողերէն լայն տարածքներ գրաւելու կոչերուն մէջ` զգուշացնելով, որ հաշուետուութենէ խուսափումը յանցագործները կը քաջալերէ իրենց նոյն ոճիրները շարունակ կրկնելու:
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի պատուիրակ Տանի Տանոն իր կարգին յայտնեց, որ «այսօր ժողով կը գումարենք, որովհետեւ Իսրայէլ ստիպուեցաւ անգամ մը եւս ինքզինք պաշտպանելու իր իրաւունքը արդարացնել»:
Ան ըսաւ, որ Հըզպալլան Լիբանանը պատանդ կը պահէ եւ կը շարունակէ հիւսիսային Իսրայէլը թիրախաւորել, ինչ որ իսրայէլեան կողմի գործի լծուելուն պատճառն է:
Ան Թեհրանը ամբաստանեց բանակցութիւնները խոչընդոտելու, դիւանագիտական յառաջընթացը ուշացնելու եւ ժամանակը ի շահ իր գործակատարներուն շահագործելու յանցանքով:
Ֆրանսայի պատուիրակ Ժերոմ Պոնաֆոն ըսաւ, որ Փարիզ այս արտակարգ ժողովը պահանջեց` հակադարձելով ընթացող իսրայէլեան մեծ մագլցումին:
Ան յայտնեց, որ լիբանանեան հողերուն մէջ հետզհետէ խորացող իսրայէլեան ներթափանցումը ռազմավարական մեծ վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ոչինչ կրնայ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւններու շարունակումը արդարացնել:
Պոնաֆոն նշեց, որ Շքիֆի ամրոցին վրայ իսրայէլեան դրօշի բարձրացումը մտահոգիչ վերադարձ է ժամանակաշրջանի մը, որ շատեր կարծեցին, թէ անցեալին կը պատկանի:
«Իսրայէլի տեւական անվտանգութիւնը պատերազմով կամ բռնագրաւումով չ՛իրագործուիր, այլ իր դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ եւ շրջանային կայունութեամբ», շեշտեց ֆրանսացի պատուիրակը:
Պոնաֆոն նաեւ Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց պատերազմի ծագման համար, երբ Լիբանանը ներքաշեց պատերազմի մը մէջ, որ իրը չէ:
Ան իր պետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ ընթացող ուղղակի բանակցութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը յանգեցնեն Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման, Լիբանանի հողային ամբողջականութեան յարգման ու երաշխաւորման, եւ զայն արդար ու տեւական լուծումի մը համար գործնական քայլերով արտայայտման:
Պոնաֆոն շեշտեց, որ սպասուող լուծումը պէտք է վճռականօրէն ներառէ Հըզպալլայի զինաթափումն ու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան ամբողջական վերատիրացումը:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Մայք Ուոլթըրզ իր կարգին ըսաւ, որ Հըզպալլան իբրեւ պետութիւն Լիբանանով, անոր ժողովուրդի ապագայով չէ հետաքրքրուած, եւ կը շարունակէ երկիրը նկատել Իրանի ներշնչումով Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումներու հարթակ:
Ուոլթըրզ Հըզպալլան ամբաստանեց հակառակ քաղաքացիները պաշտպանելու պնդումներուն իրենց ընդդիմացողները ահաբեկելու մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքային ենթակառոյցները` տուները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները իր յարձակումները գործելու համար օգտագործելու մէջ:
Ամերիկացի պատուիրակը շեշտեց, որ մագլցումի թուլացման համար կռիւը սկսող կողմը` Հըզպալլան, պէտք է Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները եւ թշնամական գործողութիւնները դադրեցնէ: