Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան ու Իսրայէլը կրնան լիարժէք բնականոն յարաբերութիւններու վերադառնալ, սակայն ատիկա պայմանաւորեց Իսրայէլի` «պաղեստինցիները սպաննելը» եւ «Կազայի մէջ հիմնական մարդկային կարիքներու հասանելիութեան արգելակումը» դադրեցնելով: Այս մասին հաղորդեց «Ռեկա նիուզ»-ը:
Ֆիտան նաեւ ըսաւ, որ Իսրայէլ կրնայ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի կողքին համարկուիլ շրջանային անվտանգութեան նոր հարթակին:
Ան, սակայն, յստակ դարձուց, որ այդպիսի քայլ մը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Թել Աւիւի կողմէ դիւանագիտական նկատառելի քայլով մը` 1967 թուականի սահմաններով Պաղեստինի պետութեան իսրայէլեան պաշտօնական ճանաչումով: