Շուշիի Ազատագրութեան եւ մայիսեան յաղթանակի ոգեկոչման առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին ուրբաթ, 29 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էհլան»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան» խորագիրը կրող ձեռնարկ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Պասմաճեան: Ան ըսաւ, որ մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի վերածնունդի, յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան օրն է, երբ հայ ժողովուրդը վեց դարերու գերութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին եւ անկախութեան: Ան հաստատեց, որ այս յաղթանակը իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ` ապացուցելով, որ ծանրագոյն ճգնաժամի մէջ համազգային համախմբումը անկարելին կը դարձնէ կարելի: Պասմաճեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կառչած մնաց իր ազգային համոզումներուն, իսկ սփիւռքը իր ամբողջական հաւատքով, «Վերադարձ դէպի հայրենիք» կարգախօսով ամրապնդեց իր այն կեցուածքը, թէ արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եւ հայը ի՛նք պիտի որոշէ իր ապագան: Արդարեւ, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը ամրապնդեց իր հայրենասիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը` հաստատելով իր ինքնութեան պաշտպանութեան ամրոցները` քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ այլ: Պասմաճեան հաստատեց, որ Լիբանան եղաւ սփիւռքահայութեան սիրտը, իսկ լիբանանահայութիւնը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, կառչած մնաց իր արմատներուն:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Հելենա Քէշիշեան, որ մայիս 28-ն նկատեց պատմական այն օրը, երբ հայ ժողովուրդը` արհամարհելով ամէն դժուարութիւն, վերագտաւ իր անկախ պետականութիւնը: Ան շեշտեց, որ 1918-ի այս օրը միայն պատմական թուական մը չէ, այլեւ` մեր կամքին, մեր հաւատքին եւ մեր գոյատեւման խորհրդանիշն է:
Ան դիտել տուաւ, որ մայիս 28-ը միայն անցեալի փառք մը չէ, այլ` կենդանի պատգամ մըն է ուղղուած հայ ժողովուրդին, յատկապէս` երիտասարդութեան, որ պէտք է այսօր աւելի քան երբեք ունենայ բարձր գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացում:
«Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի դաշտերուն վրայ հայը չպաշտպանեց միայն հող: Ան պաշտպանեց իր անունը, իր մայրենին, իր յիշողութիւնը, իր գոյութիւնը», հաստատեց Հելենա Քէշիշեան` շեշտելով, որ պայքարը ընտրանք չէր, այլ` գոյութեան հրամայական: Ան ըսաւ, որ այդ սերունդը չընկրկեցաւ, ընդհակառակն` հասկցաւ, որ պետականութիւնն էր գոյութեան միակ երաշխիքը:
Հ. Քէշիշեան ըսաւ, որ մայիս 28-ն կը սորվեցնէ, որ անկախութիւնը շարունակական պայքար է, ամէնօրեայ ճիգով պահուող արժէք մը, որ կը պահանջէ նուիրում, պատասխանատուութիւն, գիտակցութիւն եւ զոհողութիւն, կարգապահութիւն եւ ազգային արժանապատուութիւն: Ան շեշտեց, որ այսօրուան երիտասարդութիւնն է, որ մայիսեան յաղթանակներու պատգամը կենդանի կը պահէ` զայն փոխանցելով սերունդէ-սերունդ:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Ճորճ Նարկիզեան: Ան նկատել տուաւ, որ մայիս հայոց պատմութեան մէջ սովորական էջ մը չէ, այլ` մեր յարութեան, կամքի եւ սրբազան յաղթանակներու ամիսն է: Ան հաստատեց, որ «Շուշի» կոմիտէութիւնը միշտ պատնէշի վրայ է թիկունք կանգներու ժողովուրդին, յատկապէս պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ներշնչելու ժպիտ, յոյս եւ բարոյական աջակցութիւն` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին անձնուէր ծառայութիւնը դաշնակցականի գերագոյն գոհունակութիւնն է:
Նարկիզեան ցաւով արձանագրեց, որ Արցախն ու Շուշին տակաւին բռնագրաւուած են թշնամիին կողմէ, սակայն հաւաստիացուց, որ հակառակ այս տխուր կացութեան, հայութիւնը իր միասնական ուժով ու հաւատքով պիտի կարենայ վերականգնիլ եւ հասնիլ իր սրբազան երազին` Արցախ աշխարհի վերաազատագրման:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ նկատել տուաւ, որ անկախութեան նուիրուած հաւաքները առիթ են ուխտելու, որ հակառակ ամէն դժուարութեան, հայը պիտի շարունակէ ըլլալ պայքարող եւ պահանջատէր:
Մայիս 28-ն նկատելով հայոց պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերէն մէկը` ան հաստատեց, որ Սարդարապատը միայն զինուորական յաղթանակ չէր, այլ նաեւ ժողովուրդի հոգիին, նաեւ հաւատքի եւ ապագայի յաղթանակն էր, որուն շնորհիւ ծնունդ առաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, եւ երկար դարերէ ետք հայ ժողովուրդը կրկին ունեցաւ իր անկախ պետութիւնը, դրօշը, կառավարութիւնը եւ իր բանակը:
Կիտանեան դիտել տուաւ, որ ժողովուրդին գոյատեւման եւ յանուն անոր նպատակներուն իրականացման պայքարելու կամքի ամրապնդման մէջ հիմնական դեր ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի կազմակերպիչ ուժերէն մէկը, խօսքը գործի վերածողը, սփիւռքի մէջ Եռագոյնը, անկախութեան գաղափարը եւ ազատ Հայաստանի երազը միշտ վառ պահողը:
Անդրադառնալով Արցախի եւ Շուշիի կարեւորութեան` Կիտանեան շեշտեց, որ Արցախը հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի սուրբ անկիւններէն մէկն է, մեր պատմութիւնն է, լեզուն, երգը, աղօթքը եւ մեր նահատակները: Շուշին ալ Արցախի սիրտերէն մէկն էր, հայկական մշակոյթի, կրթութեան եւ հոգեւոր կեանքի կարեւոր քաղաքը, հայութեան համար` հպարտութիւն, ցաւ, կարօտ եւ պայքար: Ան խօսեցաւ Շուշիի Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան ձեռամբ յանձնումին` նշելով, որ մենք միայն քաղաք մը չկորսնցուցինք, այլ` կորսնցուցինք պատմութեան էջ մը, մշակոյթի տուն մը եւ մեր ազգային արժանապատուութեան մէկ մասը:
Բանախօսը հաստատեց, որ այսօր եւս մեր ցաւը կը շարունակուի, որովհետեւ Արցախի հայ ղեկավարներուն մէկ մասը իբրեւ գերիներ տակաւին պահուած են Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, իսկ Արցախի հայկական եկեղեցիները, վանքերը, խաչքարերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը վտանգի տակ են, փորձ կը կատարուի ջնջելու հայկական հետքը: Ան շեշտեց, որ մենք երբեք պիտի չդադրինք պահանջելէ` բոլոր կարելի եւ օրինական միջոցներով, Արցախի հայ ղեկավարներուն եւ գերիներուն ազատ արձակումը, Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ մեր հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:
«Հայաստանի մէջ այսօր մեծ քաղաքական պայքար գոյութիւն ունի: Կան տարբեր կարծիքներ, տարբեր ուղղութիւններ եւ տարբեր վախեր: ՀՅԴ-ի համար Հայաստանը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ, ապահով, ինքնիշխան եւ ազգային պետութիւն: Դաշնակցութիւնը կը քննադատէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, որովհետեւ անոնք վտանգաւոր զիջումներ կ՛ընեն, Արցախը դուրս կը ձգեն ազգային օրակարգէն եւ Հայաստանի ժողովուրդը կը տանին դէպի անորոշ ապագայ», շեշտեց Կիտանեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն տկարացնել մեր ազգային յիշողութիւնը, կը խուսափին բարձրաձայն խօսելէ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան մասին եւ կը փորձեն բաժնել սփիւռքահայութիւնը հայրենաբնակ հայութենէն:
«Մեզի համար հիմնական հարցերն են` Հայաստանի անվտանգութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, Արցախի հայութեան վերադարձի հարցը, ազգային արժանապատուութիւնը, բանակի հզօրացումը, սփիւռք-հայրենիք կապի ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ այն համոզումը, որ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ պարտութեան շարունակութիւն, այլ` արժանապատիւ եւ ապահով ապագայի հիմքը», ըսաւ Աւետիս Կիտանեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան պատգամը այսօր այն է, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ արթուն, պահանջատէր, կազմակերպուած եւ վստահի իր ուժին, իր բանակին, իր սփիւռքին, իր երիտասարդութեան եւ իր ազգային գաղափարին:
Աւետիս Կիտանեան նաեւ խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին` նշելով, որ ան պարզ համայնք մը չէ, այլ` հայ սփիւռքի կարեւոր բերդերէն մէկն է: Լիբանանահայութիւնը տեսած է պատերազմ, տնտեսական տագնապ, գաղթ, դժուար օրեր, բայց մնացած է կանգուն, որովհետեւ ունի կազմակերպուած համայնք, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, ազգային գաղափար, դաշնակցական շունչ եւ ծառայութեան ոգի: Լիբանանահայը երբեք հեռու չէ եղած Հայաստանէն եւ Արցախէն, այլ եղած է անոնց կողքին մնայուն կերպով, նաեւ` այսօր:
Ան հրամայական նկատեց ամէն ձեւի հայապահպանութիւնը, նաեւ մայիս 28-ի գաղափարի փոխանցումը նոր սերունդին` կոչ ուղղելով երիտասարդութեան գիտնալու իր պատմութիւնը, ճանչնալու մայիս 28-ը, հասկնալու Շուշիի իմաստը, գիտնալու, թէ ինչո՛ւ Արցախը հայ ժողովուրդի արդարութեան հարցն է, սորվելու, որ հայրենասիրութիւնը միայն զգացում չէ, այլ` աշխատանք, ծառայութիւն, կարգապահութիւն եւ գիտակցութիւն է:
«Մայիս 28-ը մեզի կը սորվեցնէ, որ անկախութիւնը նուէր չէ, այլ` կը շահուի պայքարով, կը պահուի միասնութեամբ եւ կը պաշտպանուի կազմակերպուած ուժով», եզրափակեց Աւետիս Կիտանեան` յորդորելով ներկաները ուխտելու չմոռնալ մայիս 28-ը, Սարդարապատը, Շուշին, Արցախը, մեր նահատակները, Արարատը, նաեւ չմոռնալ, որ անկախ Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է», եզրափակեց ան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Վերջին բաժինով ազգային յեղափոխական երգերով մթնոլորտը ճոխացուց Վիգէն Տիշչէքէնեան` նուագակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի: