«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս 3-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ

Երէկ առաւօտեան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի աւարտականի երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ Քլիվլենտի մէջ:

Տոնավըն Միչել իր բնական վիճակին մէջ չէր, ինչպէս իր նախկին երկու ճակատումներուն, եւ Քլիվլենտի Քեվելիրզ իր երրորդ ճակատումն ալ պարտութեամբ աւարտեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ:

Քեվելիրզ բնաւ չկրցաւ քայլ պահել Նիւ Եորքի հետ, մինչ Քլիվլենտ երբեք յոյս չի ներշնչեր վերադառնալու:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ընթացքին (փլէյ-օֆի) ոչ մէկ ակումբ կրցած  3-0 ճակատումներու արդիւնքով ետ մնալէ ետք վերադառնալ եւ յաղթել, եւ Քլիվլենտ նշաններ չի տար, որ նախկին 164 խումբերէն աւելի լաւ է: Միչել 23 կէտ նշանակեց, բայց այդ «ախորժակ»-ը չկրցաւ խմբակիցներուն փոխանցել, մինչ Նիւ Եորք ամբողջովին այլ մակարդակ ունէր եւ խմբային գեղեցիկ խաղով կրցաւ յաղթել:

Օր մը առաջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր դաշտին վրայ 108-123 արդիւնքով պարտութիւն կրեց անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն:

Նիւ Եորք Նիքսի նման, Օքլահոմայի ուժը իր խմբային խաղաոճն է եւ միայն մէկ մարզիկի չվստահիլը:

Սան Անթոնիօ վստահաբար լաւ խումբ է եւ ատոր շնորհիւ ան հասաւ Արեւմտեան շրջանի աւարտական, բայց երբ ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա փոխարինուի այլ մարզիկով` հանգիստ ընելու համար, խումբը անակնկալ ձեւով ետ կը մնայ, եւ Սփըրզ պէտք է լուծում գտնէ այս հարցին, եթէ կ՛ուզէ յաղթել Օքլահոմային, եւ ինչու չէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսակիր ըլլալու համար:

Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 26 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի, մինչ Վիքթոր Ուեմպանեամա 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սփըրզի, որ այսօր պէտք է իր դաշտին վրայ յաղթէ` ճակատումներու արդիւնքը հաւասարեցնելու համար 2-ի:

 

 

 

Leave a Comment