Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ

Այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը Լիբանանի աղջկանց ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գծով պիտի հիւրընկալէ Մթայլեպը:

Առանց օտարներու ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի խումբը մակարդակի գծով գրեթէ նոյն մակարդակի ելոյթ կ՛ունենայ, բայց պէտք է ընդունիլ, որ մարզիկները քիչ մը աւելի կը յոգնին, սակայն արդիւնքը գրեթէ նոյնը կ՛ըլլայ, մինչ մրցակից խումբեր շատ աւելի կ՛ազդուին առանց օտարներու, որովհետեւ մեծ մասը կ՛օգտուէր օտար մարզիկներէն:

Օրինակ երթին, ՀՄԸՄ 92-56 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անդրանիկին, իսկ դարձին` չորեքշաբթի օր, մրցումը վերջ գտաւ 98-67 արդիւնքով:

Այսօրուան մրցակիցը` Մթայլեպ, երթին 60-99 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր ՀՄԸՄ Անթիլիասէն, եւ այսօր վստահաբար անգամ մը եւս առաւելութիւնը կրնայ հասնիլ 40 կէտերու` աւելի չըսելու համար:

Մթայլեպի նման խումբեր, որոնք Ալիյա Մաթարուի եւ Էյխել Հերնանտեսի վստահած էին, անոնց բացակայութեան շատ նահանջեցին, եւ ատիկա յստակ էր Պէյրութի դէմ մրցումին, որուն ընթացքին 26-86 արդիւնքով պարտուեցան:

Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւով մեկնիլ դաշտ եւ քաջալերել աղջկանց խումբը, որուն յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան Պէյրութ Ֆըրսթ եւ ախոյեան Ռիատի:

Այսօր Էն. Էս. Էյ. պիտի հիւրընկալէ Ազուրը, իսկ վաղը Սփորթինկ Պքեննայա պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, մինչ Ինմաա Տամուր` Անդրանիկը:

 

Leave a Comment