Լեւոն ԺԴ. Պապը Արտօնեց Էլիաս Հուայեք Պատրիարքի Երանացումը

Լեւոն ԺԴ. պապը արտօնեց հրապարակումը սուրբերու դատերու բաժանմունքին կողմէ երեք հրամանագիրներու, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի մարոնիներու Էլիաս Հուայեք պատրիարքի երանելի հռչակման` հիմնուելով 1965 թուականին լիբանանեան բանակէն տիւրզի սպայի մը` Նայեֆ Ապու Ասիի հետ տեղի ունեցած հրաշքին վրայ:

Հուայեք 1899 թուականին ընտրուած է մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք եւ մահացած է Պքերքէի մէջ 1931 թուականին: Ան ծանօթ է «Մեծն Լիբանանի հայրը» տիտղոսով եւ նշանակալից դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու Լիբանան հիւրընկալման մէջ:

 

 

Leave a Comment