Ժոմպլաթ. «Վեց Անդամներէ Բաղկացած Զինուորական Յանձնախումբի Մասին Խօսակցութիւնը Յօրինուածք Մըն Է, Որուն Կարիքը Չունինք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց. «Քաղաքական յանձնախումբին կողքին բանակցելու համար վեց անդամներէ բաղկացած զինուորական յանձնախումբի մը մասին կը խօսուի, ինչ որ, իմ կարծիքովս, յօրինուածք մըն է, որուն կարիքը չունինք, որովհետեւ կը վստահինք զինուորական հաստատութեան եւ այն սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են զինադադարի համաձայնութեան, միջազգային որոշումներուն եւ Թաէֆի համաձայնութեան կառչածութեան վրայ»:

 

 

Leave a Comment