Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարարութեան օտար դրամատնային հաշիւներու հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառած է Լիբանանէն 9 անձեր` «Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու եւ Հըզպալլայի զինաթափումը խոչընդոտելու յանցանքով»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի համակիր այս պաշտօնատարները կը ներառեն անհատներ, որոնք ներթափանցած են Լիբանանի մէջ խորհրդարանի, բանակի եւ ապահովական մարմիններու մէջ, ուր աշխատանք կը տանին պահպանելու լիբանանեան պետութեան գլխաւոր հաստատութիւններուն վրայ Իրանի աջակցութիւնը վայելող կուսակցութեան ազդեցութիւնը»:
«Հըզպալլայի զինեալ գործունէութիւնն ու լիբանանեան պետութեան վրայ բռնի ազդեցութիւնը կ՛ականահարեն լիբանանեան կառավարութեան պետութեան հաստատութիւններուն վրայ իր իշխանութիւնը պարտադրելու եւ կուսակցութիւնը զինաթափելու կարողութիւնը», նշեց հաղորդագրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ շեշտեց. «Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, եւ պէտք է զայն ամբողջովին զինաթափել: Ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ քայլեր որդեգրել պաշտօնատարներու դէմ, որոնք լիբանանեան կառավարութեան մէջ ներթափանցած են եւ Հըզպալլան կարող կը դարձնեն շղթայազերծելու լիբանանցի ժողովուրդին դէմ իր անհեթեթ բիրտ արշաւն ու խոչընդոտելու տեւական խաղաղութիւնը»:
Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ. «Հըզպալլան կը յենի քաղաքական ներկայացուցիչներու ցանցի վրայ, ներառեալ խորհրդարանի անդամներու վրայ, ծառայելու համար իր շահերուն եւ անտեսելու օրինական կառավարութեան Հըզպալլային ուղղուած կոչերը` զինաթափուելու եւ պետական գերիշխանութիւնը յարգելու:
«Այս ներկայացուցիչները, որոնք կա՛մ Հըզպալլայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ են, կա՛մ սերտօրէն համակարգումի մէջ են, կը ծառայեն կուսակցութեան օրակարգին` ի վնաս օրինական կառավարութեան եւ բոլոր շրջաններէն ու կրօններէն լիբանանցի ժողովուրդին»:
Պատժամիջոցներու ցանկին վրայ ներառուեցան չորս երեսփոխաններ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ` Մոհամետ Ֆնէյշը, Հասան Ֆատլալլան, Իպրահիմ Մուսաուին, Հուսէյն Հաժ Հասանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռիտա Շիպանին:
Առաջին անգամ ըլլալով պատժամիջոցներ հաստատուեցան երկու լիբանանցի սպաներու դէմ` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ազգային անվտանգութեան բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Խաթթար Նասրէտտինը եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Սամեր Համատէն: Անոնք կ՛ամբաստանուին Հըզպալլային հետախուզական տեղեկութիւններ փոխանցելու յանցանքով:
Պատժամիջոցներու ենթարկուեցան նաեւ Ամալ շարժումի ապահովական պատասխանատուներ Ասաատ Պաալպեքին ու Ալի Ահմետ Սաֆաուին, որոնք կ՛ամբաստանուին Հըզպալլայի հետ ապահովական եւ զինուորական համակարգում կատարելու յանցանքով:
Վերոնշեալ անձերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր սեփականութիւններն ու շահերը կը սառեցուին, անուղղակի կամ ուղղակի կերպով, 50 առ հարիւրով կամ աւելի բարձր համեմատութեամբ անոնց սեփականութիւնը եղող որեւէ գոյառութիւն կ՛արգիլուի:
Հըզպալլա. «Ամերիկեան Պատժամիջոցները Լիբանանցի Ազատ Ժողովուրդը Ահաբեկելու Փորձեր Են»
Հըզպալլա ամերիկեան պատժամիջոցներուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զանոնք նկատեց «լիբանանցի ազատ ժողովուրդը ահաբեկելու ամերիկեան փորձ` աջակցելու համար մեր երկրին վրայ սիոնական յարձակումին, եւ անոր կեղծ քաղաքական խթան տալու, երբ անոր յանցագործութիւնները չկրցան լիբանանցիները ետ պահել իրենց հայրենիքը պաշտպանելու համար դիմադրելու իրենց օրինական իրաւունքը կիրարկելու»:
Հըզպալլա ըսաւ, որ այդ պատժամիջոցները որեւէ գործնական ազդեցութիւն պիտի չունենան իր ընտրանքներուն վրայ եւ պատժամիջոցներու ենթարկուածներուն գործունէութեան վրայ:
«Իսկ Փենթակոնի մէջ հանդիպումներու նախօրեակին լիբանանցի սպաները թիրախաւորող որոշումը, մեր պետական ապահովական հաստատութիւնները ահաբեկելու եւ զանոնք ամերիկեան հոգատարութեան պայմաններուն ենթարկելու բացայայտ փորձ է: Այս որոշումը ուղղուած է անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ բարեկամներն են Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կը ձգտին խաթարել ազգային հաստատութիւնները: Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք է պաշտպանեն իրենց սահմանադրական, ապահովական եւ զինուորական հաստատութիւնները` Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի ազգային գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու համար»:
Ամալ Շարժում. «Ամերիկեան Պատժամիջոցները Նախ Եւ Առաջ Շարժումն Ու Անոր Քաղաքական Դերակատարութիւնը Կը Թիրախաւորեն»
Ամալ շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան եղբայրներ Ահմետ Պաալպեքիի եւ Ալի Սաֆաուիի դէմ հաստատած պատժամիջոցները անընդունելի եւ անարդարանալի ըլլալէն զատ, նախ եւ առաջ Ամալ շարժումն ու անոր ազգային հարցերուն, պետութեան ու հաստատութիւններու պաշտպանութեան նախանձախնդիր քաղաքական դերակատարութիւնը կը թիրախաւորեն»:
Հաժ Հասան. «Բանակէն Սպաներու Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Հաստատելը Լիբանանի Գերիշխանութեան Վրայ Յարձակում Է»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հուսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Ամերիկեան պատժամիջոցներու պատգամը յստակ է եւ անոնց նպատակը ահաբեկելն է: Ամերիկացիները իրենք են, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը խաթարեն»:
Հաժ Հասան «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին վրայ ճնշումներուն նպատակը Լիբանանի գերիշխանութեան խաթարումն է, եւ Իսրայէլին աջակցողն է, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը խաթարէ եւ ոչ թէ երկիրը պաշտպանողը:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակէն սպաներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը Լիբանանի գերիշխանութեան վրայ յարձակում է:
«Ամսուան 29-ին օրեր մնացած են, եւ լիբանանցիները պիտի իմանան, թէ ամերիկացիները ովքեր են», աւելցուց երեսփոխանը:
«Ուաշինկթընի որոշումը իրեն այցելելիք Լիբանանի զինուորական պատուիրակութիւնը ահաբեկելն է, եւ այս պատժամիջոցները միայն մեր կուրծքերը զարդարող շքանշան են եւ զանոնք մեզի համար պատիւ կը նկատենք», նշեց Հուսէյն Հաժ Հասան:
Թեհրան. «Պատժամիջոցներուն Նպատակը Լիբանանի Գերիշխանութեան Խաթարումն Ու Այդտեղ Սադրանք Հրահրելն Է»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը` զայն նկատելով «ապօրինի եւ անարդարանալի քայլ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ դատապարտեց Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ներկայացուցիչներու եւ բանակային ու ապահովական մարմիններու սպաներու դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
Նախարարութիւնը այդ պատժամիջոցները նկատեց «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան շարունակուող զինուորական յարձակումին մեղսակցութեան փաստ»:
«Պատժամիջոցներու այս հաստատումը ամօթալի վարմունք է, որուն նպատակը Լիբանանի գերիշխանութեան խաթարումն ու այդտեղ սադրանք հրահրելն է»:
Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք. «Պետական Ապահովական Մարմինները Ահաբեկելու Ամերիկեան Նոր Փորձը Պետութեան Վրայ Բացայայտ Յարձակում Է»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը բուռն կերպով դատապարտեց պատժամիջոցներ հաստատելու ճամբով «մեր երկրի գերիշխանութեան վրայ ամերիկեան վարչակազմին յարձակումը»:
«Սպաներ պատժամիջոցներով թիրախաւորելով պետական ապահովական մարմինները ահաբեկելու ամերիկեան նոր փորձը պետութեան վրայ բացայայտ յարձակում է եւ անոր գերիշխանութիւնը կը խաթարէ` անոր հաստատութիւններուն աշխատանքը սահմանափակելու եւ անոր վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի ենթարկուի ամերիկեան սադրանքի ծրագիրներուն, ինչ որ լիբանանեան իշխանութիւններէն` իրենց հաստատութիւնները այս ամերիկեան բացայայտ միջամտութենէն պաշտպանելու յստակ դիրքորոշում մը կը պահանջէ», նշեց երեսփոխանական պլոքը:
Բանակ. «Զինուորականներուն Հաւատարմութիւնը Միայն Զինուորական Հաստատութեան Ու Հայրենիքին Է»
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ որդեգրուած կապի միջոցներով տեղեակ չէ պահուած, թէ լիբանանեան բանակէն սպայ մը այս տարուան ընթացքին հետախուզական տեղեկութիւններու սպրդման մասնակից դարձած է:
Հրամանատարութիւնը ըսաւ, որ բանակի բոլոր սպաներն ու անդամները ամենայն արհեստավարժութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ կարգապահութեամբ կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնները` բանակի հրամանատարութենէն բխած որոշումներուն եւ ցուցմունքներուն հիմամբ:
«Զինուորականներուն հաւատարմութիւնը միայն զինուորական հաստատութեան ու հայրենիքին է, եւ անոնք յանձնառու են իրենց ազգային պարտականութիւններու գործադրման` հեռու մնալով որեւէ այլ նկատառումներէ կամ ճնշումներէ», ընդգծեց բանակի հրամանատարութիւնը:
Շէյխ Խաթիպ. «Ամերիկեան Պատժամիջոցները Լիբանանի Պաշարման Շարունակում Են»
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ հաստատուած ամերիկեան վերջին պատժամիջոցները նկատեց «Լիբանանի վրայ հաստատուած տնտեսական եւ քաղաքական պաշարումի շարունակութիւն, փորձ մը Դիմադրութիւնը պետութեան անունով հարուածելու եւ Լիբանանը իր ուժի խաղաքարտէն զրկելու, նախքան զայն արծաթեայ սկուտեղի վրայ Իսրայէլին յանձնելը»:
Ան իշխանութեան կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը, եւ այլընտրանք չունենալու պատրուակով կրակոցի տակ բանակցութիւններու երթալէ դադրելու: