Երէկ` կիրակի, 17 մայիսին, նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ «Հայաստան» դաշինքը բազմամարդ հաւաքներ ունեցաւ Չարենցաւանի, Նոր Հաճընի եւ Աբովեանի մէջ: Չարենցաւանի մէջ քաղաքացիներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Տեսէք, կայ իշխանութիւն մը, որ կ՛ըսէ հետեւեալը. Արցախը հայկական չէր, յանձնած եմ Արցախը, բայց ատոր շնորհիւ ունինք ինքնիշխան Հայաստան, իրական Հայաստան եւ հասած ենք խաղաղութեան: Ի՞նչ կ՛ըսենք մենք, կ՛ըսենք` այ սրիկաներ, Արցախը հայկական էր ու հայկական երկրորդ հանրապետութիւնն էր. դուք Արցախը յանձնելով` ոչ միայն Հայաստանի ինքնիշխանութեան չէք հասած, այլ փլուզած էք ամբողջ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը եւ յառաջիկային կը պատրաստուիք նոր տարածքներ յանձնել Ազրպէյճանին:
«Վերջին 10 օրուան ընթացքին, սիրելի՛ ներկաներ, մենք մէկ բան ըսած ենք. ըսած ենք` եթէ այդպէս չէ, դուն չես պատրաստուիր վերարտադրուիլ եւ նոր տարածքներ յանձնել, ընդամէնը կը խնդրենք կատարէ երկու յայտարարութիւն. պարզ կանգնէ եւ մեր ժողովուրդին ըսէ, որ եթէ վերընտրուիս, Հայաստանէն նոր տարածքներ պիտի չյանձնես: Երէկ մենք այս հարցին պատասխանը ստացանք. Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ իր ընտրուելու պարագային Հայաստանէն նոր տարածքներ պիտի յանձնէ: Հարցուցին` ո՞ր տարածքները, ըսաւ` Ազրպէյճանի երեք տարածքները: Կը հասկնա՞ք, արդէն Հայաստանի տարածքներուն կ՛ըսէ Ազրպէյճանի տարածքներ: Նշեց այդ տեղանուններու ազրպէյճանական անուններ եւ ըսաւ, թէ պիտի յանձնեն»:
«Աշխարհի մէջ այսպիսի բան գոյութիւն չունի. դուք կը պատկերացնէ՞ք, վարչապետը, վարչապետի թեկնածուն ձեզի կ՛ըսէ` քուէարկեցէք ինծի, որ մեր պետութենէն, երկրէն տարածքներ կտրեմ, կտոր-կտոր յանձնեմ Ազրպէյճանին, ու իր հերթական դաւաճանութիւնը հիմնաւորելու համար` պարբերաբար կ՛որոշէ` Հայաստանի ո՛ր տարածքը հայկական է, ո՛րը, ըստ իրեն, ազրպէյճանական», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Իր կարգին, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան խօսք առնելով յայտարարեց, որ Արցախ անվտանգ վերադարձի իրաւունքի ճանաչման հասնիլը կարելի է: