Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Կը շարունակենք Լիբանանի մէջ ուժեղ կերպով որեւէ սպառնալիքի դէմ գործել, մինչեւ պատերազմի նպատակներուն իրագործումը»:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ բնակեցման ծրագիր ունինք»:
«Նաեւ Կազայէն եւ Այսրյորդանանէն արտագաղթը քաջալերելու ծրագիրներ ունինք: Պէտք է «Էյ.», «Պի.» եւ «Սի.» գիծերը ջնջենք, որովհետեւ հողը մերն է», աւելցուց Պեն Ղաֆիր: