Ճէյմս Հարտըն իր փլէյ օֆի առաւելագոյն կէտերը (30 կէտ) նշանակեց եւ Տոնավըն Միչել 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենի Քեվելիրզի, որ 9 կէտով ետ մնալէ ետք մրցումի 4-րդ մասին, պարտադրեց օվըրթայմ, եւ յաւելուած վայրկեաններով յաղթեց 117-113 արդիւնքով:
Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը շատ բնական կ՛ընթանար, եւ առաջին կիսախաղին Տիթրոյիթ 15 կէտով կը յառաջանար: Քլիվլենտ կրցաւ փոխադարձել եւ վերջին մասին 13-0 արդիւնքով կողովներ նշանակեց` արդիւնքը հաւասարեցնելով 103-րդ կէտին:
Քէյտ Քանինկհեմ 39 կէտ նշանակեց, բայց իր խմբակիցները նոյնքան արդիւնաւէտ չէին:
Քլիվլենտ առաջին անգամ ըլլալով դաշտէն դուրս մրցում յաղթեց այս ճակատումներուն, մինչ Տիթրոյիթ իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէր կրած տակաւին: