9 մայիսին` Յաղթանակի օրուան առիթով, Եռաբլուր այցելեցին «Հայաստան» դաշինքի անդամներ, որոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան պատերազմներու նահատակներու յիշատակին:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Հայաստանի գործող իշխանութիւնը նպատակաուղղուած կերպով կ՛արժեզրկէ ազգային պատմութեան հերոսական էջերն ու մարտական յաղթանակները` սեփական անկարողութիւնն ու միակողմանի զիջումներու քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար»:
Ան յատկապէս շեշտեց, որ եթէ նախապէս 9 մայիսը փառապանծ եռատօն էր, ապա այսօր, «ապաշնորհ կառավարիչներ»-ու գործողութիւններուն պատճառով հայ ժողովուրդը ստիպուած է այդ օրը դիմաւորել խոր կսկիծով` Արցախի կորուստին եւ Ազրպէյճանի կատարած ցեղային զտումներուն լոյսին տակ:
Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութեան, թէ` Ղարաբաղեան շարժումը իբրեւ թէ «ճակատագրական սխալ» էր, Օհանեան շեշտեց, որ նման խօսքեր կրնայ ըսել միայն այն մարդը, որ սուտի հիման վրայ կառուցած է իր կառավարման սկզբունքը:
Օհանեանի նշեց. «Այսօր պահն է, որ հայ ժողովուրդը գիտակցի, որ այս իշխանութիւններու ապիկար եւ Արցախի նկատմամբ դաւաճանական կեցուածքին պատճառով կ՛երթանք ողբերգական ճանապարհով: Այդ ճանապարհը պէտք է արգելակուի, այս նսեմացման եւ զերոյին տանելու ընթացքը պէտք է կանգնեցուի: Ժողովուրդը պէտք է մերժէ»:
Եռաբլուր կը գտնուէին նաեւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:
Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան շեշտեց, որ իրենք դէմ չեն խաղաղութեան, այլ կողմ են որեւէ գործողութեան, որ շրջանին մէջ, մեր դրացիներուն հետ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ:
«Այլ հարց է, թէ ի՛նչ որակի խաղաղութիւն կ՛ուզենք ունենալ, ի՞նչ գնով, ի՞նչի հաշուոյն: Սա ընտրութեան հարց է: Երբ մեր հայրենիքի մէկ մասը կորսնցուցած ենք, Հայաստանի տարածքներուն մէկ մասը կորսնցուցած ենք, կան անհետ կորսուածներ ու Պաքուի մէջ պահուող գերիներ, ինչպէ՞ս կարելի է սա արժանապատիւ խաղաղութիւն նկատել», յայտնեց ան:

