Սալամ. «Ոչ Ոք Լիբանանի Տեղ Կը Բանակցի, Եւ Մեր Պահանջները Ծանօթ Են»

Մինչ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր աշխատանքային օրակարգի գլխաւոր կէտը զինադադարն է: Մեր պահանջները ծանօթ են. անոնք իսրայէլեան հեռացումի ժամանակացոյցի ճշդումը, գերիներու ազատ արձակումն ու Լիբանան վերադարձը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն իրենց գիւղաքաղաքներն ու գիւղերը վերադարձն են, ինչ որ վերաշինութեան սկսիլը կ՛արտօնէ»:

«Մենք կ՛ուզենք եւ ամերիկեան կողմին մօտ աշխատանք կը տանինք կիրարկելու համար Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ բանակցութիւններու նիւթին շուրջ հաղորդագրութեան մէջ երկու անգամ նշուածը, որովհետեւ հաղորդագրութեան մէջ կը խօսուէր ամերիկեան երաշխիքներու մասին, եւ մենք կը ձգտինք եւ կը պահանջենք երաշխիքներու գործնական եւ իրողական թարգմանութիւն», ըսաւ ան:

«Լիբանանեան պետութենէն բացի ոչ ոք Լիբանանի տեղ կը բանակցի, թէեւ լաւապէս կը գիտակցինք, թէ բանակցութիւններու ապագան կ՛ազդուի Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմին վերաբերեալ Իսլամապատի բանակցութիւններէն», կրկնեց վարչապետը:

Անդրադառնալով շաբաթ օր Դամասկոս իր կատարած այցելութեան` Սալամ ըսաւ. «Տեւական կապի մէջ պիտի մնանք դիմակայելու համար շրջանին մէջ հասարակաց մարտահրաւէրները, յաջողեցանք Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ անհրաժեշտ գործակցութեան պետութենէ պետութիւն առողջ յարաբերութեան ծիրին մէջ նոր թափ տալու, ինչ որ հասարակաց շահերէն կը բխի»:

«Ձերբազատեցանք բարձրագոյն խորհուրդէն, որ սառեցուեցաւ, սակայն տեւական գործակցութեան տարազի կարիք ունինք, եւ մենք աշխատանք կը տանինք կազմելու արաբական պետութիւններուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ մեր ունեցածին օրինակով հասարակաց գերագոյն յանձնախումբ մը, եւ այդ հարցը այս շաբաթ պիտի ներկայացնեմ նախարարաց խորհուրդին:

«Յանձնախումբին առաքելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել երկկողմանի համաձայնագիրները, կեանքի կոչել գործակցութիւնը, եւ զայն բարձր մակարդակի բարձրացնել գործնական քայլերով, որոնց առաջինը պիտի ըլլայ ստեղծումը Լիբանանեան-սուրիական աշխատանքներու խորհուրդի, որ յառաջիկայ շաբաթ Դամասկոսի մէջ իր ժողովը պիտի գումարէ: Մենք այս խորհուրդը կազմելու ընթացքին մէջ ենք», յայտնեց ան:

«Երկուշաբթի օր նախարարական ժողով մը գումարեցինք, եւ իւրաքանչիւր նախարար պիտի հետապնդէ Դամասկոսի մէջ քննարկուած երկկողմանի կէտերը, որոնց գլխաւորները ուժանիւթը, փոխադրութիւնը, անցքերը, մաքսատուրքերը, տարրալուծարանային քննութիւններն են եւ ուրիշներ», ըսաւ վարչապետը:

Leave a Comment