Նախագահ Աուն Դեսպան Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթընի Մէջ Եռակողմ Ժողովի Զարգացումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան:

Նախագահ Աուն դեսպանին հետ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ այս շաբաթ նախատեսուած լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան եռակողմ ժողովին առնչուած վերջին զարգացումներուն:

Նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներու դեսպանին շեշտեց «կրակոցը, զինուորական գործողութիւնները եւ բնակարանները պայթեցնելն ու գետնին հաւասարեցնելը դադրեցնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը»:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ու շրջանի կացութեան եւ վերջին զարգացումներուն:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը աւելի ուշ նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ սպասուող ժողովի պատրաստութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ժողովի ընթացքին շեշտեց «Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի դադրեցնէ իր շարունակուող յարձակումներն ու խախտումները, ինչ որ զինադադարը ամրապնդելու կարելիութիւնը կ՛ընծայէ»:

 

 

Leave a Comment