Պայրամով. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Սահմանազատման Աշխատանքները Կը Շարունակուին»

Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ սահմանազատման աշխատանքները կը շարունակուին: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

«Փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւը այցելած է Հայաստան, ստորագրուած են երեք փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ուրուագծեն հետագայ աշխատանքներու ընթացակարգերը: Մինչ այդ, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում` հայկական կողմի մասնակցութեամբ: Գործընթացը կը շարունակուի», ըսած է Պայրամով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է. «Հայաստանի մէջ կան անձեր, որոնք վրէժխնդրական մտածելակերպ ունին, եւ ատիկա չի կրնար դրական արդիւնքներու յանգեցնել»:

Նախքան այդ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտնած էր, որ Սահմանազատման յանձնախումբերու վերջին հանդիպումին երեք փաստաթուղթերու նախագիծ համաձայնեցուած է:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնախումբերը փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ վերջին անգամ հանդիպած են 29 ապրիլին: Կողմերը քննարկած էին սահմանազատման կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցերը, անոնք նաեւ փոխանակած են արդէն իսկ համաձայնեցուած ուղեցոյցները:

Անոնցմէ մէկը սահմանազատման աշխատանքներու համար անհրաժեշտ փորձագիտական խումբերու աշխատակարգը կը սահմանէ, միւս երկուքը` քարտէսի ստեղծման, նաեւ սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ հրատարակման կարգերը:

 

 

Leave a Comment