Կիրակի, 10 մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը, որուն մասնակցեցան շուրջ 80 հեծելանւորդներ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Միրէյ Ժըմմօ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցումին մասնակիցներուն եւ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ աւանդութիւն դարձած հեծելարշաւի մրցումին այս տարի եւս կազմակերպման: Ան յատուկ կերպով շեշտեց նահատակ Վիգէն Զաքարեանի արժանիքները, մանաւանդ անոր սէրը մարմնակրթութեան նկատմամբ եւ կառչածութիւնը ազատ հայրենիքին եւ կազմակերպուած աշխատանքին:
15 տարեկանէն վար տարիքային բաժանմունքի առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Սարօ Ղազարեան, Անթոնի Սարիքամէշեան եւ Սէրուժ Ազնաւուրեան, իսկ 16 տարեկանէն վեր տարիքային բաժանմունքի երեք դիրքերը գրաւեցին Յարութ Պէրպէրեան, Սարգիս Քէշիշեան եւ Յովսէփ Քէշիշեան:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի քրոջ` Հուրի Զաքարեանի:
Յայտնենք, որ մրցումին ներկայ էին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը եւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբը: