Պըն Զայետ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Լիբանանի Որդեգրած Քայլերուն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը անոր յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը շրջանին դիմագրաւած այս նուրբ պայմաններուն մէջ կը զօրակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եղբայրական ժողովուրդին:

Աուն Պըն Զայետին ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ գումարուող լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան ժողովներու հոլովոյթի վերջին զարգացումները:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին իր ցուցաբերած կարեկցանքին համար` ընդգծելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ եւ մասնաւորաբար ներկայ նուրբ փուլին կը կանգնի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին:

Ան ընդգծեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը զօրակցին անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման եւ իր բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան վերականգնման համար Լիբանանի որդեգրած քայլերուն:

 

Leave a Comment