Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատի վրայ Լիբանանի հետ զինադադար գոյութիւն չունի:

Զամիր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ լսումի նիստի ընթացքին նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու նպատակ չէ ճշդած:

«Մեր նպատակը հակազրահապատ հրթիռներու սպառնալիքը արգիլելը, Գալիլիա ներթափանցումը արգիլելն ու Հըզպալլայի կազմաքանդման պայմաններու ստեղծումն է», նշած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

 

Leave a Comment