Հայաստանցի մարմնամարզիկ Արթուր Աւետիսեան դարձաւ յաղթական մարմնամարզութեան 2026-ի «Չելենճ քափ»-ի հանգրուանի, որ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ:
Աւետիսեան ոսկի մետալ շահեցաւ օղակներու մրցումին: Աւարտականին Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչը ստացաւ 14.233 կէտ եւ գրաւեց առաջին դիրքը` գերազանցելով Գերմանիոյ եւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչները:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց հայկական ծագում ունեցող այլ մարմնամարզիկ մը` Արթուր Սահակեան, որ հանդէս եկաւ Գերմանիոյ հաւաքականէն: Ան 13.566 կէտ հաւաքեց:
Աւետիսեանի համար այս յաղթանակը եղաւ յաջող տարեշրջանի շարունակութիւնը: Աւելի կանուխ ան դարձած էր աշխարհի բաժակի բացարձակ յաղթական` օղակներու մրցումներուն, անհրաժեշտ կէտեր հաւաքելով փուլերու շարքի արդիւնքներով: Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ան նուաճած էր ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներ:
Այսպիսով, Աւետիսեան կրկին հաստատեց իր դիրքը` իբրեւ օղակներու վարժութեան աշխարհի ուժեղագոյն մասնագէտներէն մէկը, եւ Հայաստանի հաւաքականին պարգեւեց հերթական մետալ` միջազգային ասպարէզին մէջ: