Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Մարժաայունէն, Քլէյաայէն, Տէյր Միմասէն, Պըրժ Մլուքէն, Ըպլ Սաքիէն եւ Քաուքապայէն պատուիրակութիւն մը, որուն առջեւ շեշտեց. «Երբ հարաւային Լիբանանը յոգնած ըլլայ, ատիկա ամբողջ Լիբանանի վրայ անդրադարձ կ՛ունենայ, եւ ժամանակն է, որ հարաւային Լիբանանը եւ անոր հետ ամբողջ Լիբանանը հանգչին»:
«Կը շարունակեմ ջանքերը աւարտելու պատերազմը, որմէ բոլորը տառապեցան, որպէսզի խաղաղութիւնը տեւական կերպով տիրէ, եւ ոչ թէ` հանգրուանային ձեւով», ըսաւ ան:
«Ես հարաւային Լիբանանի հարազատներուս կողքին եմ եւ կը գնահատեմ անոնց տոկունութիւնը, հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց հողերուն ու կալուածներուն անոնց կառչածութիւնը», յայտնեց նախագահ Աուն:
«Այն, ինչ որ կ՛ընեմ, բոլոր լիբանանցիներու շահին համար է, եւ բանակցութիւններու հոլովոյթը միակը կը մնայ մնացեալ լուծումներու, որոնց շարքին պատերազմի սպառումէն ետք», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
«Կը գնահատեմ բանակին ձեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը: Լիբանանցիները շատ տառապեցան հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի բացակայութենէն, եւ ժամանակն է, որ բանակը վերադառնայ իր ամբողջական առաքելութիւնը ստանձնելու, հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան միակ պատասխանատուն ըլլայ, եւ բոլորը անոր ու ապահովական ուժերուն շուրջ պէտք է համախմբուին, այլապէս կորուստը բոլորը պիտի ներառէ», պատուիրակութեան ըսաւ ան:
«Անոնք, որոնք կը փորձեն կրօնական եւ համայնքային բախումներ հրահրել, պիտի չյաջողին, որովհետեւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը կարմիր գիծ է, եւ ժողովուրդի եւ պաշտօնատարներու մեծամասնութեան մակարդակին վրայ բաւարար գիտակցութիւն կայ, եւ իւրաքանչիւր ոք, որ ատոր դէմ կը գործէ, Իսրայէլին ձրի նուէր կը տրամադրէ», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:
«Ատելութիւնը երկիրներ եւ հայրենիքներ չի կառուցեր, եւ մենք իրարու հետ ապրելուն այլընտրանքը չունինք», ըսաւ Աուն: