Արցախի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Զուիցերիոյ Մէջ Քննարկեց Արցախցիներու Վերադարձի Հարցը

29 ապրիլէն 1 մայիսի միջեւ, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Զուիցերիա այցելեցին: Պետական եւ միջազգային մարդասիրական կառոյցներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, քննարկուեցան  արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովման եւ մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման կարելիութիւնները: Օրակարգի վրայ էին նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման, անհետացածներու ճակատագիրներու պարզաբանման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումը կանխելու հրատապ հարցերը:

30 ապրիլին, Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին շէնքին մէջ նաեւ կայացաւ Արցախի հարցին նուիրուած խորհրդաժողով` խորհրդարանականներու, փորձագէտներու, հայկական համայնքի եւ «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկան «Զուիցերական խաղաղութեան նախաձեռնութիւն յանուն Լեռնային Ղարաբաղի» յանձնախումբի համանախագահներ` պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնթոպել եւ Շթեֆան Միւլլեր Ալթերմաթ, խստօրէն դատապարտելով միջազգային հանրութեան կրաւորական դիրքը Արցախի հայաթափման ընթացքին եւ վստահեցնելով, որ Զուիցերիա համապատասխան փորձագիտական ներուժ ունի Արցախի խաղաղութեան գործընթացին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Դանիէլեան, Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի յանձնախումբի անդամներ Արմինէ Ալեքսանեան, Գառնիկ Քերքոնեան եւ Մարիօ Նալպանտեան: Պատուիրակութեան անդամները ներկաներուն փոխանցեցին արցախահայութեան ներկայ կացութիւնը` շեշտելով անոնց հայրենիք վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը:

Ամփոփելով այցելութիւնը` հայկական պատուիրակութիւնը վերահաստատեց, որ Արցախի հարցը փակուած չէ եւ զայն կարելի չէ հանել միջազգային օրակարգէն, քանի դեռ արցախցիները չեն վերադարձած իրենց բնօրրանը եւ հակամարտութիւնը չէ ստացած արդար ու միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծում:

Leave a Comment