. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ֆութպոլի բաժակի աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Նոան եւ Ուրարտուն:
Կիսաւարտականի դարձի մրցումին, Նոա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Արարատ Արմենիա խումբին հետ, եւ նկատի ունենալով, որ երթին Նոա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր, ինքնաբերաբար հասաւ աւարտական:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Ուրարտու 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Բ. դասակարգի Անդրանիկը: Երկու մրցումներու ելքով երեւանեան խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթական ըլլալով հասաւ աւարտական:
Նոայի համար ասիկա բաժակի յաջորդական երրորդ աւարտականն էր: Նախապէս երկու անգամ բաժակակիր Նոան իր դէմ պիտի ունենայ 12 անգամ աւարտական հասած Ուրարտուն, որ 4 անգամ կրցած է շահիլ բաժակը:
Հետաքրքրական է Անդրանիկի իրագործումը, որ դարձած է Բ. դասակարգի միակ խումբը, որ կիսաւարտական հասած է, եւ ստացած երկու կոլերն ալ փենալթիներով էին Ուրարտուի դէմ:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի շատ հաւանաբար իր ասպարէզը շարունակէ Իտալիոյ Եուվենթուսին հետ: 37 տարեկան Լեվանտովսքի 2022-էն ի վեր կը խաղար Պարսելոնայի հետ, բայց անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս յունիսին, եւ անոր գործակատար Պինի Զահաւի արդէն իսկ Եուվէի հետ կապի մէջ մտած է անոր փոխանցման պայմաններուն համար:
. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ աջ ծայրի յետսապահ եւ խմբապետ Տանի Քարվախալ այս եղանակի աւարտին պիտի լքէ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմը: 2013-էն ի վեր Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Քարվախալ այս տարի միայն 20 ելոյթ ունեցաւ ակումբին հետ` մեծ մասամբ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
. ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 2027-ին` Մարոքի մէջ: Ըստ «Էր. Էմ. Սէ. սփորթ»-ի, ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան կազմակերպութեան 77-րդ ընդհանուր ժողովին: Այժմու նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ 2016-էն ի վեր կը ղեկավարէ նախագահի պաշտօնը` 2019-ին եւ 2023-ին մրցակից թեկնածուի չգոյութեան վերընտրուելէ ետք: