Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
«Այս այցելութենէն ետք կրկին քննարկում պիտի կատարեմ նախագահ Ալիեւի հետ. դուք գիտէք, որ մենք միշտ կը փորձենք միջնորդի մեր դերը խաղալ եւ օգնել», ըսած է Մաքրոն` պատասխանելով «Նիուզ»-ի լրագրողի հարցումին:
Ան յատկապէս կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումը:
«Ուրախ եմ, որ վերջին ամիսներուն լարուածութիւնը նուազած է: Նոր փուլ սկսած է, որ պիտի ուղեկցուի խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ», եզրափակած է Ֆրանսայի նախագահը:
Մաքրոն Հայաստան հասաւ 3 մայիսին` Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար: