«Չեմփիընզ Լիկ». Աթլեթիքօ Մատրիտ – Արսենալ` 1-1

«Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երթի երկրորդ ելոյթը առաջինին նման չեղաւ (սպասուածին պէս), ուր Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Արսենալ մէկական փենալթիներով կոլեր նշանակեցին բաւական ձանձրացուցիչ մրցումէ մը ետք:

Պայքար կար դաշտին վրայ իրար դէմ` առիթ չտալու, որ մրցակից խումբը իր խաղարկութիւնը պարտադրէ:

Նոյն ձեւի խաղաոճ որդեգրած էին Տիեկօ Սիմէոնէ եւ Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա:

Վիքթոր Եոքերեշ նշանակեց Արսենալի փենալթին` իր վրայ եղած ֆաուլէ մը ետք, մինչ Խուլեան Ալվարես նշանակեց Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը Բ. կիսախաղին: 78-րդ վայրկեանին Արսենալ փենալթի մը եւս շահեցաւ Էզէի վրայ եղած ֆաուլէն ետք, սակայն ՎԱՐ-ի վրայ ստուգելէ ետք զայն ջնջուեցաւ:

Երեքշաբթի օր Լոնտոնի մէջ պիտի վճռուի աւարտական հասնող խումբը: Երկու խումբերն ալ տակաւին չեն շահած «Չեմփիընզ լիկ»-ը իրենց պատմութեան ընթացքին` աւարտական հասնելէ ետք:

 

Leave a Comment