Թրամփը` Նեթանիահուին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Զինուորական Գործունէութեամբ Բաւարարուիս»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանն ու Հըզպալլան Լիբանանը քանդեցին: Ան այս մասին յայտնեց «Աքսիոս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Երբ Իրանին վերջ տանք, Հըզպալլան ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանն ու անոր ղեկավարութիւնը կը հաւնի` նշելով, որ երկիրը կրնայ անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ:

Թրամփ Լիբանանի վերաբերեալ զգուշացուց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` շեշտելով, որ շէնքերը վար առնելը ահաւոր բան է եւ «Իսրայէլի վարկին կը վնասէ»:

Սպիտակ տան ղեկավարը Նեթանիահուին շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի մէջ սահմանափակ զինուորական գործունէութեամբ բաւարարուի եւ խուսափի պատերազմը լիարժէք կերպով վերականգնելէ:

Նախքան այդ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած էին, թէ Նեթանիահու Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ անհրաժեշտ է Հըզպալլայի յարձակումներուն Իսրայէլի հակադարձութիւնը աշխուժացնել:

Leave a Comment