Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ուան Ռան» Կէա Մարաթոնը` 23 Մայիսին

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը կը կազմակերպէ «Ուան Ռան» կէս մարաթոնի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին, Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ:

Այս մրցումը ձեւով մը պիտի ըլլայ բնական կեանքի վերադարձ Պէյրութի մէջ, որուն բնականոն ընթացքը անցեալ մարտի սկիզբէն ի վեր խանգարուած էր երկրին կացութեան պատճառով: Զինադադարէն ետք պէտք էր կազմակերպել մարզական այս նախաձեռնութիւնը` միացնելով ժողովուրդին բոլոր խաւերը եւ յոյս ներշնչելով բոլորին:

Այս նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ համաշխարհային «Ուան Կլոպըլ Ռան» մրցումին հետ միաժամանակ, ուր աշխարհի ամէն կողմէն աւելի քան 260 հազար աթլեթներ պիտի վազեն` դրական մթնոլորտ ստեղծելու համար աշխարհի բոլոր ծագերուն:

Այս մրցումը մրցակցութիւն չէ, այլ բարեսիրական եւ մարդասիրական նպատակ կը հետապնդէ, անիկա պատգամ մըն է ըսելու, թէ Պէյրութ պիտի շարունակէ իր զարթօնքը, որքան ալ դժուարութիւններու հանդիպի, եւ մարզանքը միակ միացնող ուժն է, որ ո՛չ լեզու գիտէ, ո՛չ ալ կրօն:

4 տարբեր մրցումներ տեղի պիտի ունենան` յարմարելու բոլոր մասնակիցներուն, ուր աթլեթներու առաւելագոյն թիւը պիտի ըլլայ 1000, որոնք պիտի վազեն 21,1 քմ կէս մարաթոն, 5 քմ եւ 1 քմ մրցումներ:

Մանսնակցիլ փափաքողները պէտք է կանուխէն ապահովեն իրենց տեղերը` նկատի ունենալով, որ սահմանափակ տեղեր կան, եւ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է 20 մայիսը: Ինչպէս միշտ, կրնաք արձանագրուիլ beirutmarathon.org կայքին վրայ:

 

 

Leave a Comment