Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Այսօր Մենք Կը Յիշենք Թուրքերը, Որոնք Կոտորուեցան Հայերու Կողմէ»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 24 ապրիլին ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձած է «1915-ի իրադարձութիւններուն»` ոչ միայն ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հայերը մեղադրելով «զանգուածային սպանութիւններու համար»:

«Մենք ողորմածութեամբ կը յիշենք այն անպաշտպան եւ անմեղ թուրքերը, որոնք անողոք կերպով կոտորուեցան հայերու կողմէ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն ժամանակ», նշուած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան «Էքս»-ի օգտահաշիւին մէջ:

 

Leave a Comment