Պաքու. «Հայաստանի Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Թուրքիոյ Դրօշը Այրելու Արարքը Գործած Անձերը Պատասխանատուութեան Ենթարկելու»

Հայաստանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` պատասխանատուութեան ենթարկելու այդ արարքները գործած անձերը: Այս մասին գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` անդրադառնալով 23 ապրիլին Թուրքիոյ դրօշը այրելուն:

«Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ժամանակին կանխարիգիլէր նմանատիպ արշաւը, որ ցեղային հողի վրայ արմատացած ատելութեան մարմնաւորում է, եւ ձեռնարկէ անվտանգութեան համապատասխան քայլեր: Ամբողջովին անընդունելի է նման գործողութիւններու վրայ աչք փակելը` զանոնք քողարկելով ժողովրդավարական արժեչափերով, հաւաքներու ազատութեամբ եւ կարծիքի ազատութեամբ:

«Նման գործողութիւնները, որոնք կը շարունակեն մնալ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրութեան եւ ցեղային ատելութեան վրայ հիմնուած ֆաշական մտածողութեան բացայայտ դրսեւորում, պէտք է դատապարտուին եւ կանխուին միջազգային մակարդակով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Leave a Comment