Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած յատուկ թիւը ուշագրաւ բաժին ունէր: Բաժինը կը վերաբերի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու էջերուն, ուր ներկայացուած նիւթերուն տակ ստորագրած են 25 անուններ: 25 պատանի, երիտասարդ, ուսանող գրիչներ, որոնք ըսելիք ունին ոչ միայն իրենց հասակակիցներուն, այլ նաեւ հանրութեան:
Ներկայ պայմաններուն մէջ, ուր աւելի ահազանգներ կը հնչեն, մռայլ պատկերներ կը գծուին կամ յոռետեսական գնահատականներ կը տրուին նոր սերունդի դաստիարակութեան, գաղափարական կազմաւորումին, անտարբերութեան, մամուլին հանդէպ հետաքրքրութեան պակասին, օրակարգի բացակայութեան, ըսելիք չունենալուն, եւ տակաւին` ազգային խնդիրներուն եւ նոյնիսկ Հայաստանի նկատմամբ արձանագրուող օտարումի երեւոյթներուն մասին, 25 պատանի, երիտասարդ եւ ուսանող կու գան հակառակ ուղղութեամբ մտածել տալու բոլորիս:
Այս մտածումներուն, խորհրդածութիւններուն եւ նիւթերուն մինչեւ լոյսին գալը անշուշտ կան նախապատրաստական աշխատանքի փուլեր: Պատանիներուն պարագային առկայ է հետեւողական աշխատանք` գրելու հմտութիւն ունեցող պատանիները համախմբելու, թելադրանքներ կատարելու եւ նիւթերու բաժանում կատարելու: Այդ նիւթերը եւս ունին իրենց բիւրեղացման փուլը` դասախօսութիւններով, աշխատանոցներով եւ ընդհանուր դաստիարակչական ծրագիրներով: Մինչ, երիտասարդներէ բաղկացած խմբագրական կազմը հետեւողական կապ հաստատելով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ, խորհրդակցութիւններ կ՛ունենար թէ՛ թեմաներու ճշդումի եւ թէ՛ նիւթերու բաժանման առումներով: Բովանդակային տեսակէտէն բնականաբար տարբերութիւն կ՛երեւի «Զաւարեանական էջ»-ի պարագային, ուր հարցերը կը ներկայացուին քաղաքական դիտանկիւնէ եւ աղերսները կ՛ըլլան ուղղակի այսօրուան իրադարձութիւններուն հետ:
Այսպէս. թէ՛ պատմական, թէ՛ նկարագրական բաժիններով , թէ՛ երիտասարդական յանձնառութիւնը վերանորոգելու եւ թէ՛ քաղաքական հարթութեան վրայ այժմէականացման փորձեր կատարելու ուղղութիւններով այս էջերը իրար կը յաջորդեն` շղթայական օղակումներով գծելու համար համապատկեր մը այսօրուան պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն պահանջատիրութեան նկատմամբ ունեցած համոզումները հանրայնացնելու մասին:
Այս բոլորը անշուշտ, տպագրութեան յանձնուելէ առաջ կը լրամշակուին «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կողմէ, անցնելէ ետք իւրաքանչիւր միութեան համապատասխան խմբագրակազմերու բովէն: Ժամկէտներու յարգումը կ՛ենթադրէ նաեւ աշխատանքային որոշ կարգապահութիւն, որ ինքնին միութենական աշխատանքի կարեւոր սկզբունք է:
Կը նկատուին պատանեկան երեխայրիքներ, երիտասարդական զգացմունքայնութիւն եւ քաղաքական դիտարկում: Կարեւորը այն է, որ Ցեղասպանութենէն 111 տարի ետք, նորահաս սերունդը կը գրէ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ներկայ ժամանակներուն յաղթահարելու ձեւերուն մասին, բայց մանաւանդ հետագայ աշխատանքներուն ուղղութեամբ կը փոխանցէ իր պատկերացումները:
Պէտք է կարդալ 24 ապրիլի մեր թիւին 7-րդէն 11-րդ էջերը գրաւած 25 ստորագրութիւն կրող յօդուածները եւ համոզուիլ, որ կա՛յ սերունդ, որ ունի պատկերացում մեր հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ եւ որ կառչած է մեր համազգային իրաւունքներու վերականգնման անզիջելի սկզբունքին:
«Ա.»