«Էմ. Էմ. Էյ.» Միհրան Յարութիւնեան` Յաղթական

Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու եւ Եւրոյպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Միհրան Յարութիւնեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ խառն մենամարտերու ասպարէզին մէջ եւ յաղթանակ արձանագրեց:

Երեւանի «Տաշիր Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած «Արմաթ Ֆայթ Շոու»-ի մրցաշարքին գծով Յարութիւնեան մենամարտ մը ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ախոյեան Մակոմետռասուլ Հասանովի դէմ:

Յարութիւնեան վայելելով հանդիսատեսներու քաջալերանքը, գերազանց մենամարտ մը ունեցաւ եւ երկրորդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը:

Յաղթանակ տօնեց նաեւ Աղասի Յակոբեան, որ կէտերու առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց պրազիլցի Ռոնինսոն «Ռաթինիօ» Էնրիքէն:

Երեկոյի գլխաւոր ելոյթն էր Գենատի Մակարեանի մրցումը, որուն ընթացքին ան պարտութիւն կրեց պրազիլցի Տիեկօ Տիասէն:

Նշենք, որ Միհրան Յարութիւնեան իր նախորդ արհեստավարժ մենամարտի ելոյթին «Ափ նեքսթ ֆայթինկ 30» մրցաշարքի 665 քկ կշիռի կարգին մէջ յաղթած էր ամերիկացի Շէյն Թորեսին, կէտերու առաւելութեամբ, Լոս Անճելըսի մէջ, անցեալ փետրուարին:

 

Leave a Comment