Նախագահ Աուն. «Լիբանան – Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պիտի Վարէ Սիմոն Քարամի Գլխաւորութեամբ Պատուիրակութիւն Մը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Գերիշխանութեան ճակատ»-էն պատուիրակութիւն մը ընդունելով նշեց. «Լիբանան երկկողմանի բանակցութիւնները պիտի վարէ դեսպան Սիմոն Քարամի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը ճամբով, եւ ոչ ոք այս առաքելութեան մէջ Լիբանանի հետ մասնակից պիտի դառնայ կամ զայն փոխարինէ»:

«Բանակցելու ընտրանքին նպատակը թշնամական արարքներու դադրեցումը, հարաւային շրջաններու իսրայէլեան բռնագրաւումի դադրեցումն ու բանակը մինչեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարաւային սահմաններ տեղակայումն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իրեն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հասկացողութիւն ցուցաբերած է Լիբանանի պահանջին նկատմամբ եւ Իսրայէլի մօտ միջամտած զինադադար հաստատելու ու պատրաստելու մեկնարկը բանակցային հոլովոյթի մը, որ վերջ կու տայ զարտուղի կացութեան եւ կը վերականգնէ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը անոր բոլոր հողերուն վրայ:

«Մեր միջեւ հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին` պահպանելու համար զինադադարը եւ սկսելու բանակցութիւններուն, որոնց համար պէտք է ապահովուի ազգային ամէնէն լայն զօրակցութիւնը, որպէսզի բանակցող խումբը կարենայ մեր ձգտած նպատակները իրագործել», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Յառաջիկայ բանակցութիւնները անջատ են որեւէ այլ բանակցութենէ, քանի որ Լիբանանը կանգնած է երկու ընտրութեան առջեւ` կա՛մ շարունակել պատերազմը` ատոր բոլոր մարդասիրական, ընկերային, տնտեսական եւ գերիշխանութեան կորուստի հետեւանքներով, կա՛մ ալ բանակցութիւններ վարել այս պատերազմը դադրեցնելու եւ տոկուն կայունութեան հասնելու համար: Ես ընտրած եմ բանակցութիւնները եւ յոյս ունիմ, որ մենք կրնանք Լիբանանը փրկել», յայտարարեց ան:

Հանրապետութեան նախագահը Պաապտայի պալատին մէջ նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ կատարուած հաղորդակցութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանան-Իսրայէլ նախապատրաստական ժողովին յաջորդող փուլը եւ զինադադարը պահպանելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, նախագահ Աունի եւ Թրամփի հանդիպման գաղափարը սեղանի վրայ է, սակայն անոր գործնական պատրաստութիւնները տակաւին տեղի չեն ունեցած:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Ուաշինկթըն հինգշաբթի օր Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւններու 2-րդ փուլ մը պիտի հիւրընկալէ»:

 

Leave a Comment