Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պայքարը ըստ երեւոյթին վերջին հանգրուաններուն աւելի եւս պիտի սրի, մանաւանդ որ այժմ տարբերութիւնը 3 կէտերու նուազեցաւ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի մրցում մըն ալ նուազ կատարած է, քան պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ:
Կիրակի օր տեղի ունեցած վճռական ճակատումին, Մանչեսթըր Սիթի կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Արսենալին իր դաշտին վրայ` անյաղթ մնալով 15 յաջորդական մրցումներ:
Մրցումը կանուխէն առիթներով սկսաւ, եւ Էրլինկ Հաալանտ քիչ մնաց օգտուէր Կապրիէլի կատարած փոխանցումէն, մինչ Ռայան Շերքի ցնցեց Արսենալ բերդին սիւնը:
Աւելի ուշ Արսենալի մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ, բայց Շերքի բացաւ մրցումին հաշիւը 16-րդ վայրկեանին:
Հազիւ 2 վայրկեան անցած, Սիթիի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա սխալ ձեւով հարուածեց եւ սխալմամբ գնդակը հասցուց Քայ Հավերթցին, որ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը:
Կիսախաղէն ետք այս անգամ Հաալանտի հարուածը զսպեց… Արսենալի բերդին սիւնը:
60-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցումէ մը ետք, Հավերթց հարուածեց դէպի Սիթիի բերդը, բայց Տոնարումա զսպեց: Գնդակին հասաւ Մարթին Օտկարտ, որ հարուած մը եւս տուաւ, բայց ատիկա ալ զսպուեցաւ: Մօտ երկու վայրկեան ետք Էպերեչի Էզէ փոխանցում մը ստանալէ ետք ցնցեց Մանչեսթըր Սիթիի բերդին սիւնը:
Սիթի անմիջապէս փոխադարձեց եւ նշանակեց Սիթիի 2-րդ կոլը: 73-րդ վայրկեանին Արսենալի կեդրոնի յետսապահ Կապրիէլ ազատ հարուածէ մը ետք գլխու զօրաւոր հարուածով անգամ մը եւս ցնցեց Սիթիի բերդին սիւնը:
95-րդ վայրկեանին Քայ Հավերթց գլխու հարուածով առիթ ունէր նշանակելու հաւասարութեան կոլը, բայց գնդակը քիչ մը բարձր էր, եւ Արսենալի յոյսերը վերջ գտան իրաւարարին սուլիչով:
Աւելի կանուխ տեղի ունեցաւ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին, ուր Էվըրթըն կը հիւրընկալէր Լիվըրփուլը:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ իր վերջին տերպիի մրցումին բացաւ մրցումին հաշիւը` 29-րդ վայրկեանին հանգիստ ձեւով նշանակելով այս տարեշրջանի իր 7-րդ կոլը:
Էվըրթըն, որ առաջին անգամ ըլլալով կը խաղար իր տերպիի մրցումը «Հիլ Տիքինսոն» մարզադաշտին վրայ, կրցաւ «Կուտիսըն Փարք»-ի մթնոլորտը վերանորոգել եւ շատ աւելի լաւ ձեւով սկսած էր մրցումը, բայց Լիվըրփուլի վրացի բերդապահ Ճիորճի Մամարտաշվիլի լաւ ձեւով զսպեց անոր առիթները: Ինչպէս նշեցինք, Սալահ Կաքփոյի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց Լիվըրփուլի առաջին կոլը` միանալով Սթիվըն Ճերարտի տերպիի առաւելագոյն կոլեր նշանակողի թիւին` 9 կոլ: Կաքփօ կիսախաղէն քիչ մը առաջ առիթ ունէր նշանակելու Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը, բայց Ճորտըն Փիքֆորտ լաւ ձեւով զսպեց անոր առիթը:
Լիվըրփուլ շատ աւելի լաւ սկսաւ Բ. կիսախաղը, բայց 9 վայրկեան ետք, Քիրնըն Տուզպըրի-Հոլ նշանակեց Էվըրթընի հաւասարութեան կոլը: Այս կոլին պահուն Լիվըրփուլի բերդապահը վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ ակումբի երրորդ բերդապահ Ֆրետի Վուտմանի կողմէ` նկատի ունենալով, որ թիւ 1 բերդապահ Ալիսոն Պեքեր իր կարգին վիրաւորուած էր:
Մրցումը կ՛աւարտէր 1-1 արդիւնքով, երբ 98-րդ վայրկեանին Ռիօ Նկումոհա առիթ մը կորսնցուց` հարուածելով Էվըրթընի բերդէն քիչ մը բարձր:
100-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք Լիվըրփուլի խմբապետ Վիրժիլ Վան Տայք գլխու հարուածով նշանակեց շատ կարեւոր կոլ մը` Լիվըրփուլը հաստատելով 5-րդ դիրքին վրայ, «Փրեմիեր լիկ»-ի աւարտէն 5 մրցումներ առաջ:
Օր մը առաջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Լոնտոնի մէջ` Չելսիի դէմ մրցումին: